
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ Պեքաայի մէջ բացումը կատարեց ջուրի յատուկ ծրագիրներու, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչին, Գերմանիոյ դեսպանին, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ միջազգային բարգաւաճման նախարարութեան Լիբանանի գրասենեակի տնօրէնին:
Իր խօսքին մէջ Ա. Նազարեան յայտնեց, որ Լիբանանի ջուրի մարզը տարիներ շարունակ լուրջ հարցեր դիմագրաւած է` նկատի ունենալով պատերազմին պատճառած քանդումը, ինչպէս նաեւ այդ մարզին մէջ ներդրումներու չգոյութիւնն ու սխալ տնօրինումը:
Ան նշեց, որ կոյուղիներու մարզին անկատար մնալը պատճառ դարձած է, որ ստորերկրեայ ջրային հարստութիւնը ապականի:
Ա. Նազարեան դիտել տուաւ, որ սուրիացի գաղթականներուն մեծաթիւ հոսքը Լիբանան, այսինքն` աւելի քան մէկուկէս միլիոն գաղթականներու գոյութիւնը, աւելի եւս վատթարացուցած է տիրող կացութիւնը` ջուրի եւ կոյուղիներու մարզերուն վրայ ծանրացնելով ճնշումը: «Այս պատճառով է, որ միջազգային ընտանիքը եւ նուիրատու երկիրներ յարմար ժամանակին միջամտեցին եւ իրենց ներդրումներով կրցան կանխարգիլել ընկերային, առողջապահական եւ կենսոլորտային լուրջ աղէտ մը», ընդգծեց Ա. Նազարեան:


