Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Տօնական Վերամուտը

October 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

roupinian-1_92216

Մենք մանուկներ հայ ազգի,
Ծարաւ հայ լեզուի երգի,
Հայ դպրոցի զինուորներ,
Սուրբ Մեսրոպի յաջորդներ:

Հայ դպրոցը մեր ազգային գոյութեան ու յաւերժութեան երաշխաւորն է. անով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը սփիւռքեան մեր դժուարին պայմաններուն մէջ:

Հայ պատանիները, երբ հասակ կ’առնեն այդ հարազատ դարբնոցին` հայ վարժարանին մէջ եւ անձնազոհ ուսուցիչներու շունչին տակ կը զինուին հայրենասիրական  վեհ գաղափարներով ու կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, անոնք ապագային, իբրեւ գիտակից սերունդ,  տէր կը կանգնին իրենց ազգային արժէքներուն` հայրենիք, մշակոյթ, լեզու…

Հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ Ազգ. Ռուբինեան-Ս. Մ. վարժարանի աշակերտները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ ժամանեցին դպրոց:

Վերամուտ էր. աշակերտները շատ կարօտցած էին իրենց դպրոցական գեղեցիկ օրերը, ուսուցիչներն ու դասընկերները:

Դպրոցի բակին տօնական մթնոլորտը մեծ ուրախութիւն պատճառեց բոլորին, մանաւանդ` գեղեցիկ զարդարանքներն ու պատկերները, լիբանանեան ու հայկական եռագոյն դրօշներն ու  գոյնզգոյն փուչիկները, ինչպէս նաեւ` հայկական երաժշտութիւնը:

roupinian-2_92216

Աշակերտները ողջունեցին զիրար, ուրախ ժամանակ անցուցին եւ առիթը ունեցան ծանօթանալու վարժարանի նորեկ աշակերտներուն:

Առաջին զանգը հնչեցուց վարժարանի հայերէն առարկաներու ուսուցչուհի Ազնիւ Ալթունեանը եւ աշակերտները իրենց դաստիարակներու ընկերակցութեամբ եկեղեցի մտնելով`Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի պատգամը ունկնդրեցին, ապա անոր ձեռամբ` հաղորդուեցան, որմէ ետք  բոլորը  հիւրասիրուեցան համեղ  կարկանդակներով եւ հիւթերով. որը  տրամադրուած էր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

Ապա աշակերտները դասարանային շարքերով կանգնած, հպարտ կեցուածքով լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները կատարեցին:

Ազնիւ Ալթունեան ողջունեց բոլորը եւ բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը մեծ ցնծութեամբ կը տօնէ մայր  Հայաստանի անկախութեան  25-ամեակը:

Ան հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեանը` արտասանելու համար իր սրտի խօսքը: Տնօրէնը վերամուտի առթիւ աշակերտներուն յաջողութիւն մաղթեց, իսկ Հայաստանին` նորանոր վերելք եւ անկախութեան 25-ամեակը շնորհաւորեց:

Տնօրէնի խօսքէն ետք, դարձեալ հայկական պարեղանակներէն խանդավառուած, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկները շուրջպարերով հանդէս եկան:

Աշակերտները վերամուտի առիթով իրենց դաստիարակներու կողմէ ստացան ձեռային աշխատանքներ:

Կէսօրին, երբ մեկնումի ժամը հասած էր, աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ-ԱՍՄԻՆԵԱՆ

Նախորդը

Մեսրոպեանը Կը Գործակցի The Little Engineer Կազմակերպութեան Հետ

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով` Լաւագոյն Թարգմանիչի Ընտրութեան Մրցանք` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.