
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զրուցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի տեղակալ Մոհամետ պըն Սալման Ապտել Ազիզի եւ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի հետ` «Միացեալ Նահանգներու խոր մտահոգութիւնը յայտնելու համար Եմէնի մէջ գտնուող սգատունի մը դէմ կատարուած օդային հարուածին առնչութեամբ»:
«Քերրի Մոհամետ իշխանը յորդորեց անմիջական քայլեր որդեգրելու` երաշխաւորելու համար, որ այսպիսի արկածներ չկրկնուին», նշեց Թոնըր:


