Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Փութին Տակաւին Մտադիր Է Այցելել Ֆրանսա` Հակառակ Հոլլանտի Խօսքին»

October 11, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

putin_101016

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տակաւին մտադիր է այցելելու Ֆրանսա` հակառակ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այն խօսքին, թէ վստահ չէ, թէ արդեօք պիտի ընդունի՞ զինք, թէ՞ ոչ:

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Մոսկուա կը շարունակէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Փարիզ նախատեսուող այցելութեան պատրաստութիւնները:

Հոլլանտ նախապէս դատապարտած էր Ռուսիոյ գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ եւ յայտարարած, որ ինքնիրեն հարց կու տայ` արդեօք պէ՞տք է հանդիպի Փութինին 19 հոկտեմբերին նախատեսուած Փարիզ անոր այցելութեան ընթացքին:

«Մենք ատոր վերաբերեալ ոչ մէկ շօշափելի տեղեկութիւն ունինք, կը շարունակուին Փութինի Փարիզ նախատեսուած այցելութեան պատրաստութիւնները, նախատեսուած են բանակցութիւններ Էլիզէի պալատին մէջ», ըսած է Փեսքով լրագրողներուն` պատասխանելով Հոլլանտի խօսքերը մեկնաբանելու խնդրանքին:

«Մեր ֆրանսացի գործընկերներէն այլ տեղեկութիւն չենք ստացած», աւելցուցած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 6 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Մարք Էյրոյի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած էր, որ Փութին 19 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ֆրանսա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Հոլլանտի հետ եւ անոր հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ իրավիճակը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ «Ֆրանս էնթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահը պէտք է որոշում տայ, սակայն ան զայն պիտի ընդունի` հաշուի առնելով Հալէպի եւ Սուրիոյ կացութիւնը»:

 

Նախորդը

Վրաստանի Խորհրդարան Մուտք Գործելու Կարելիութիւն Ստացած Են Երեք Կուսակցութիւններ

Յաջորդը

Ամերիկեան Մարտանաւ Մը Հրթիռակոծուած Է Եմէնի Ափերուն Մօտ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.