
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու ընթացքին: Քեթրին Էշթըն նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը համակողմանիօրէն պիտի աջակցի Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ իրականացուող բարեփոխումներուն:
Քննարկուեցան նաեւ շրջանային խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը: Էշթըն ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միակ ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն է եւ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ իրականացուող լուծման հոլովոյթին:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆինլանտայի վարչապետ Եուրքի Քաթայնենի հետ:
Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը փոխանցեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ֆինլանտական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Եուրքի Քաթայնեն ողջունելի նկատեց Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ միջազգային կառոյցներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման:
Սերժ Սարգսեան երէկ Վարշաւայի մէջ մասնակցեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի լիագումար նիստին:


