
Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը դիմեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` տեղեկացնելով, որ Հենրիխ Մխիթարեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով չի կրնար մասնակցիլ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախապատրաստական հաւաքին, փորձերուն, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի հաւաքականներուն դէմ մրցումներուն: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, այս մասին նշուած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին մէջ:
«Հենրիխը ձախ ազդրի մկանի վնասուածքէն ետք տակաւին ապաքինման փուլին մէջ կը գտնուի: Հակառակ անոր որ վերջին շաբթուան ընթացքին կը նկատուի զգալի յառաջընթաց, սակայն Մխիթարեան ցարդ ի վիճակի չէ մասնակցելու մարզումներուն: Շնորհակալ կ՛ըլլայինք, եթէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը արտօնէր, որ Հենրիխ Մխիթարեան չմասնակցի ազգային խումբի յառաջիկայ երկու մրցումներուն` մնալով Մանչեսթըրի մէջ եւ շարունակելով իր ապաքինումը», ըսուած է Մանչեսթըր Եունայթըտի նամակին մէջ:


