Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Ծիծաղ…Ծիծաղ…

October 4, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանգիստ-Մարզանք

img1_100416

. Պատանի մը ֆութպոլի աւարտական մրցումի մը կը տանի իր մեծ մայրը, որ ֆութպոլի մասին բնաւ գաղափար չունի: Վերադարձին, երբ տնեցիները կարծիքը կը հարցնեն, մեծ մայրը կ՛ըսէ.

– Ֆութպոլը կը բաղկանայ դաշտին վրայ գտնուող 22 անձերէ, որոնք անպայման հանգիստի կարիք ունին, մինչ թրիպիւններուն մէջ գտնուող 40 հազար անձերը մարզանքի կարիքը ունին:

 

Ֆութպոլի Մրցումի Հաղորդավարներու Ծիծաղելի Մեկնաբանութիւններ

. «Մրցումը այժմ կ՛ընթանայ 2-1 արդիւնքով ի նպաստ Ֆրանսայի: Եթէ այսպէս վերջանայ խաղը, Ֆրանսա 2-1 արդիւնքով կը յաղթէ»:

. «Բաւական տաք մրցում է: Կը հաւատամ, որ եթէ մէկ խումբը կոլ մը նշանակէ, միւս խումբը պէտք է գոնէ երկու կոլ նշանակէ, որպէսզի յաղթէ»:

. «Եւ այսպէս, անոնք չկրցան բարելաւել իրենց 100 տոկոսնոց մրցանիշը»:

. «Օ՜, շատ գունագեղ տեսարան մըն է, Պրազիլի ազգային խումբին բոլոր մարզիկներն ալ դեղին տարազներ հագած են»:

. «Եթէ այդ գնդակը բերդին մէջ մտած ըլլար, հաստատ կոլ կ՛ըլլար»:

 

Եթէ Անհանգի՛ստ Չըլլար…

img2_100416

. Աշխատաւորներու համադաշնակցութեան ներկայացուցիչները բանակցութիւններ կ՛ունենան գործարարներու հետ, որոնք կը մերժեն անհանգստութեան պատճառով բացակայութեան  պարագային աշխատաւորին վճարել: Բաւական երկարատեւ վիճաբանութենէ ետք, գործարար մը ցոյց կու տայ օրաթերթը եւ կ՛ըսէ.

– Այս մարդը երէկ լուր տուած էր, որ անհանգիստ է:

Աշխատաւորական համադաշնակցութեան ներկայացուցիչը թերթին աչք մը նետելով կը տեսնէ նկարը ենթադրաբար հիւանդ գործաւորին, որ կոլֆի մրցաշարքը շահած է բարձր արդիւնքով: Պահ մը պապանձելէ ետք, ներկայացուցիչը կ՛ըսէ.

– Օ՜, մտածեցէ՛ք, թէ որքա՛ն բարձր արդիւնք կրնար արձանագրել, եթէ հիւանդ չըլլար:

 

Նախ Հեռաձայնէ՛

. Համալսարանի մը պասքեթպոլի խումբին մարզիչը ներկայանալով տնօրէնին, աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէ: Տնօրէնը կ՛ըսէ.

– Բայց քո՛չ, դուն բոլոր բաժանմունքներու դասախօսներէն շատ աւելի կը գանձես:

– Այո՛, բայց չէք գիտեր, որոնց հետ գործ ունիմ, – կ՛ըսէ մարզիչը եւ ներս կը կանչէ մարզիկ մը, եւ  անոր կ՛ըսէ.

– Վազէ՛ գրասենեակս եւ նայէ, որ ես հո՞ն եմ:

Մարզիկը անմիջապէս կը վազէ եւ քիչ ետք շնչասպառ վերադառնալով կ՛ըսէ.

– Ոչ, քո՛չ, հոն չես:

Տնօրէնը մարզիչին կ՛ըսէ.

– Կը հասկնամ ինչ ըսել կ՛ուզես, ես մարզիկին տեղը ըլլայի, նախ կը հեռաձայնէի…:

 

 

Նախորդը

Անջատ Բանավէճերու Մթնոլորտին Մէջ. Քաղաքական Սպասողական Վիճակ` Ներքին Եւ Արտաքին Լուծման Ճիգերու

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Աբրահամ – Միւրէյ Վրէժի Մենամարտ

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.