
Այսօր կը սկսի «Երեւան օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որ առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ:
Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նորայր Քալանթարեան լրագրողներուն յայտնեց, որ Հայաստանի կազմը աչքառու է ե՛ւ ուժով, ե՛ւ տիտղոսակիր մարզիկներու մասնակցութեամբ: Ըստ անոր, արդէն ճատրակի 23 վարպետներ մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած են :
Մրցաշարքի բացման ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Լ. Արոնեանի Չորրորդ Հաւասարութիւնը

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Միհայիլ Թալի անուան ճատրակի 10-րդ յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի հաւաքականի թիւ մէկ դասուած կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ երէկ սեւ քարերով մրցեցաւ ռուս Եան Նեփոմնիաշչուի դէմ, արձանագրեց իր չորրորդ հաւասարութիւնը:
Դասաւորումը այժմ հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
Նեփոմնիաշչու, Կիրի` 2,5-ական կէտ
Անանտ` 2
Սվիտլեր, Լի Չաօ, Արոնեան, Մամետեարով` 1,5-ական
Քրամնիք` 1,
Կելֆանտ, Թոմաշեւսքի` 0,5-ական:


