
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Պէ.Էֆ.Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի չէ բացառած, որ վերստին իշխանութեան գլուխ գալու պարագային կրնայ հանրաքուէ հրաւիրել Ֆրանսայի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին շուրջ:
Նախապէս Ֆրանսայի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին շուրջ հանրաքուէի գաղափարին կը զօրակցէր միայն ծայրայեղ աջ Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին լը Փեն:
Չբացառելով հանրաքուէի կատարումը` Սարքոզի նշած է, որ կը նախընտրէ խօսիլ Եւրոպական Միութեան բարենորոգման եւ յատկապէս ֆրանս-գերմանական շրջանային յառաջատարութեան մասին, որուն հայեցակարգը ան մտադիր է առաջարկել Պերլինին:
Սարքոզի, որ Ֆրանսան գլխաւորած է 2007-2012 թուականներուն, օգոստոսի վերջին յայտարարած է 2017-ի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութեան մասին:


