Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան Առարկեց Վարչապետին. «Ինծի Համար Ցանկալի Չէ «Էկոնոմիկա» Բառը Հանելը

September 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ardzvig_92216

22 սեպտեմբերի կառավարութեան նիստին կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան զեկուցեց կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններուն մասին, որոնց կարգին «Էկոնոմիկայի նախարարութիւն»-ը վերանուանուած է «Ներդրումների եւ ձեռնարկատիրութեանն աջակցման նախարարութիւն»:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց այն տրամաբանութեան մասին, որով առաջնորդուած են փոփոխութիւններ կատարելու ատեն:

Առարկութիւն ունէր տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան: «Բնականաբար, իբրեւ տնտեսութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, ինծի համար ցանկալի չէ «էկոնոմիկա» բառը հանելը, առաւել եւս, որ ես տնտեսութիւնը կը պատկերացնեմ աւելի լայն, քան ներդրումները կամ ձեռնարկատիրութեան աջակցութիւնը: Ահա, թէ ինչու, ընդունելով հանդերձ ձեր կողմէ կատարուած շեշտադրումը, որ ներդրումներն ու ձեռնարկատիրութեան աջակցութիւնը պէտք է առանձին ուղղութիւն ըլլայ, զիս կը մտահոգեն քանի մը հարցեր, որոնք այսօր տնտեսութեան նախարարութեան ծիրին մէջ են, բայց անուանման մէջ անոնք չեն երեւիր: Մասնաւորապէս` առեւտուրի հատուածը, արտաքին առեւտուրը, որ ներդրումներուն հետ կը նկատուի մեր երկրի տնտեսութեան հիմնական շարժիչ ուժը: Թերեւս ատիկա այլ  նախարարութեան մը ծիրին մէջ պիտի ըլլայ կամ մնայ, կը խնդրէի, որ անուանումին մէջ այդ շեշտադրումը ըլլայ», ըսած է ան:

Մինասեան հարցուցած է նաեւ, թէ որակի ենթակառուցուածքները ո՞ր մարմինի լիազօրութեան ներքեւ կը գտնուին: «Տրանսպորտի եւ կապի նախարարութիւն»-ը «Տրանսպորտի, կապի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաների նախարարութիւն» կոչելու գծով ան ըսաւ, որ, բարձր գնահատելով փոխադրութեան եւ կապի նոր նախարարին բարձր կարողութիւնները եւ անոր վերաբերեալ դրական կարծիքը, ցանկալի է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը չդիտարկուի իբրեւ զուտ ծառայութիւններու ոլորտ, որովհետեւ անիկա ներկայիս կ՛ընկալուի իբրեւ արդիւնաբերութիւն: Արծուիկ Մինասեան հետաքրքրուած է, թէ ո՞ր մարմինը պիտի ունենայ տնտեսութեան նախարարութեան նուիրատուներու հետ համագործակցութեան լիազօրութիւնը, օդանաւային պատահարներու ուսումնասիրութեան եւ քննութեան լիազօրութիւնը:

«Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, իբրեւ տնտեսութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, բնականաբար, ընդունելի չէ «էկոնոմիկա» բառը հանելը: Այս նախարարութիւնը 13 նախարարութիւններու լիազօրութիւն կը ներառէ», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան արձագանգած է, որ «էկոնոմիկա»  բառը միայն կը հանուի նախարարութեան անունէն, սակայն գործառոյթը կը մնայ նոյնը: «Մենք ընդամէնը շեշտադրումը կը փոխենք, որ ներդրողը հասկնայ` ի՛նչ հասցէով պէտք է դիմէ», ըսած է վարչապետը:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հանդիպում` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

Յաջորդը

Կառավարութեան Մէջ` Կառուցուածքային Փոփոխութիւններ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։