Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլլանտ. «Սուրիոյ Ողբերգութիւնը Պիտի Դառնայ Միջազգային Ընտանիքին Խայտառակութիւնը, Եթէ Տագնապը Չլուծուի»

September 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hollande_92116

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ` Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Սուրիոյ տագնապը համաշխարհային պատմութեան ամէնէն ամօթալի էջերէն մէկը պիտի դառնայ, եթէ համաշխարհային ընտանիքը չկարենայ կարելի եղածին չափ շուտ գտնել ատոր լուծումը:

«Սուրիական այս ողբերգութիւնը պատմութեան մէջ պիտի մտնէ իբրեւ համաշխարհային ընտանիքին խայտառակութիւնը, եթէ մենք կարելի եղածին չափ շուտ ատոր վերջ չդնենք: Հալէպը այսօր նահատակ քաղաք մըն է, որ պիտի մնայ ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ. հազարաւոր երեխաներ կը մեռնին ռումբերու տակ, բազմաթիւ մարդիկ սովի մատնուած են, մարդասիրական ինքնաշարժներու շարասիւնները յարձակումներու կ՛ենթարկուին, կ՛օգտագործուի քիմիական զէնք: Ես այս բոլորին համար մէկ բառ ունիմ` բաւական է», յայտարարած է Հոլլանտ:

Ան ընդգծած է, որ Ֆրանսա կը պնդէ խաղաղ հոլովոյթի շուտափոյթ վերսկսումը համապատասխան այն համաձայնութիւններուն, որոնք 2012-ին գոյացան Ժընեւի մէջ: Ան ըսած է, որ Ֆրանսա կ՛առաջադրէ չորս պահանջ. «Պարտադրել զինադադարի դրութիւնը` որդեգրուած որոշումներու համաձայն, ապահովել մարդասիրական օգնութեան անյապաղ փոխադրումը Հալէպ եւ տառապեալ միւս քաղաքներ, ապահովել քաղաքական բանակցութիւններու վերսկսումը այն սկզբունքներուն համաձայն, որոնք սահմանուած են արդէն 2012-ին, պատժել քիմիական զէնքի օգտագործման համար»:

«Եթէ մենք այժմ ընդունինք այս որոշումները եւ գործենք, Սուրիոյ համար լուծում պիտի գտնուի: Աւելի՛ն, յոյս պիտի ծագի տեղահանուածներու եւ հարկադիր վերաբնակներու համար, եւ վերջապէս` քայլերու պիտի ձեռնարկուին, որոնք Սուրիոյ պիտի արտօնեն պահպանելու տարածքային ամբողջականութիւնը», աւելցուցած է Հոլլանտ:

 

Նախորդը

Էրտողան Փորոշենքոյին Խոստացած Է Խրիմի Հարցին Մէջ Աջակցիլ Ուքրանիոյ

Յաջորդը

2012-ին Յարաբերութիւններու Խզումէն Ի Վեր. Իրանի Եւ Քանատայի Միջեւ Առաջին Դիւանագիտական Հանդիպում

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.