Ակնարկ
«Ֆիաթ»-Էն Ետք`
«Ռընօ»
Իտալական «Ֆիաթ» ընկերութեան օրինակին հետեւելով, ֆրանսական «Ռընօ» ընկերութիւնը ինքնաշարժի պատրաստութեան գործարան մը պիտի հիմնէ Պուլկարիոյ մէջ, մինչ առաջինը իր արհեստագիտական ծառայութիւնը կը մատուցանէ արդէն Խորհրդային Միութեան մէջ:
Զուտ առեւտրական բնոյթ ունեցող այս գործառնութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ այն իրողութեամբ, որ համաձայնող կողմերը կը պատկանին տնտեսական հակոտնեայ դրութիւններու, որոնցմէ մասնաւորաբար մէկը, ընկերվարականը, մինչեւ հիմա փողով ու թմբուկով կը ծանուցանէր միւսին մօտալուտ վախճանը:
Այս պարզ համաձայնութեամբ, համայնավարութիւնը, իր ղեկավարներով եւ տեսաբաններով, միանգամայն ընդունած կ՛ըլլայ ո՛չ միայն իր մեռելաթաղային երազներուն փլուզումը, այլ նաեւ ազատ կարգերու տնտեսական դրութեան գերակայութիւնը:
Վերջերս, Ղանայէն տրուած էր յատկանշական լուր մը: Ղանացիք կը մերժեն գնել արեւելեան Եւրոպայէն եւ յատկապէս Խորհրդային Միութենէն ներածուած ապրանքները, որոնք որակի տեսակէտէն շատ վար կը մնան արեւմտեան արտադրութիւններէն: Իսկ ափրիկեան եւ ասիական շատ մը երկիրներու մէջ, խորհրդային մեքենաներ, անգամ մը խանգարուելէ ետք, ճամբաները կը խճողեն, իրենց անգործածելի վիճակով:
Համայնավար Չինաստանի ուղղափառները իրաւունք ունին, երբ կը քննադատեն խորհրդային վարիչները, իբրեւ վերաքննական:
Վերաքննութիւնը կը սկսի հոն, ուր Մոսկուա կը ստիպուի դիմել դրամատիրական երկիրներուն, անոնց արհեստագիտական փորձառութենէն օգտուելու համար:
x
Անատոլու`
Անիծուած Հող
Ֆրանսական մամուլի գործակալութիւնը Արեւելեան Անատոլուի երկրաշարժին առիթով կը յիշէ անցեալը եւ կը խօսի հայերու ջարդին մասին: Այս շահեկան հաղորդագրութեան արձագանգ հանդիսացած են մանաւանդ թերթերու կիրակնօրեայ թիւերը:
Նկարագրելէ ետք երկրաշարժը, ֆրանսական մամուլի գործակալութիւնը կը գրէ.-
«Արգիլուած աշխարհ, անիծուած հող, այս է Արեւելեան Անատոլուի այս շրջանը (Խորհրդային Հայաստանի մօտ), որ առջի օր զոհ գնաց երկրաշարժի մը: Անհամբոյր հող, որուն վրայ կ՛իշխէ Արարատը, զոր Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ իբրեւ կեդրոնը ջրհեղեղին, եւ ուր տեւաբար կը փնտռուին Նոյեան Տապանի հետքերը:
«Միլիոնաւոր մարդիկ կ՛ապրին այս շրջանը, որ կարծես չէ փոխուած դարերէ ի վեր եւ որ Մուսթաֆա Քեմալի յեղափոխութիւնը ճանչցած է, միայն անկէ պաշտպանուելու համար:
«Շրջան մըն է, որմէ կը վախնայ իշխանութիւնը: Արգիլուած է օտարներուն: Անոնք որ հրամայական պատճառ մը ունին երթալու – Պարսկաստանի ճամբան է – պէտք է արտօնագիր ստանան, եւ երբ քարտէզներու վրայ գծուած սահմանը կ՛անցնին, կառավարիչին, իշխանութեան, ոստիկաններու կասկածանքին եւ զինուորականներու քմահաճոյքին տակ են այլեւս:
«Այս երկրին սրտին վրայ է Էրզրումը, մռայլ, ամրացեալ քաղաք մը, հանգչած դաժան բարձրաւանդակի մը վրայ, մթին պատմութիւնով մը, զոր պատմելը հաճելի չէ միշտ:
«Ճամբաներէ զուրկ այս հովիտներուն մէջ, ամէն բանէ հեռու այս գիւղերուն մէջ, գիւղացիները կը պայքարին ապերախտ հողի մը դէմ: Աղքատութիւն, կասկածամտութիւն, վախ, անգրագիտութիւն, կրօնական մոլեռանդութիւն, բոլոր նշանները աշխարհի մը, որ ժամանակէն դուրս կ՛ապրի:
«Փոքրամասնութեանց հողն է, բառ մը, զոր անտեղի է գործածել Թուրքիոյ մէջ, ուր պաշտօնապէս փոքրամասնութիւն գոյութիւն չունի: Պարսկաստանի եւ Իրաքի սահմանակից, հոս կ՛ապրին միլիոն մը քիւրտեր: Որպէսզի քրտական հարց չըլլայ Թուրքիոյ մէջ, «Թուրքիոյ քիւրտ» բացատրութիւնը ջնջուած է եւ անոնց անուն կը տրուի «լեռնցի թուրք»:
«Բայց կայ փոքրամասնութիւն մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի եւ որ այս շրջանին աշխատասէր, գործունեայ եւ լուսամիտ զանգուածն էր եւ անոր կու տար համեմատական բարգաւաճում մը: Հայերու անհետացումը խղճահարութեան պէս կը ծանրանայ երկրին վրայ, Արեւելեան Անատոլուի մէջ է, որ 1915-ին գործուեցաւ ժամանակակից պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը: Մէկուկէս միլիոն հայեր, այր, կին, երեխայ, ջարդուեցան իրենց գիւղերը քանդուեցան եւ խոտ ցանուեցաւ հոն, ուր իրենց օճախները կային: Այդ պատճառով է, որ պզտիկ գիւղերուն մէջ, մզկիթներու մօտ կը տեսնուին կառատուններ կամ սինեմաներ, որոնց վրայ զանգակատուն կայ,- հայկական եկեղեցի մըն է, սրբապղծուած, հաւատացեալները բնաջնջելէ ետք»:
Ուշագրաւ է, որ այս յիշատակութիւնը կ՛ըլլայ ֆրանսական մամուլի գործակալութեան կողմէ, որ կիսապաշտօնական հանգամանք ունի:
