Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1966)

September 16, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիական Շաբաթաթերթ Մը`
Լեւոն Սիւրմէլեանի Նոր Գործին Մասին

Ինչպէս ծանօթ է, Լեւոն Սիւրմէլեան վերջերս անգլերէնի թարգմանեց «Սասմայ ծռեր» դիւցազնավէպը` Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցի գրի առած օրինակին վրայով, ընդարձակ ու մանրազնին յառաջաբանով մը: Այս առթիւ անգլիական «Տը Թայմզ Լիթըրըրի Սափլըմընթ», դիւցազնավէպին ամփոփումը տալէ ետք, կը գրէ Լ. Սիւրմէլեանի իր գործին մասին.

Լ. Սիւրմէլեան իր պատմական հիանալի ներածականին մէջ կը նշէ, թէ` «Սասմայ ծռեր»-ը միայն բերնէ բերան աւանդուած է մինչեւ 1870-ական թուականները, երբ Տրապիզոնի առաջնորդ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանց առաջին անգամ գտաւ եւ հրատարակեց ներկայ փոփոխակը…

Մենք պարզագոյն ուրուագիծը տուինք լայնօրէն խնամուած եւ մանրամասնուած դիւցազնավէպին` ինքնուրոյն ոճով ու սեփական յուզաշխարհով օժտուած: Հոն երբեմն Հին Կտակարանէն եւ երբեմն ալ արաբական Հազարումէկ գիշերներէն պատահական արձագանգներ կան: Օրհներգութիւններէն ոմանք, որով կը սկսի ամէն դրուագ, եւ երգերէն ոմանք շատ յուզիչ են, մասնաւորաբար` Դաւիթի հրաժեշտի խօսքը իր հայրենիքին: Ուրիշ մասեր կրնան քիչ մը անհեթեթ թուիլ…

Թարգմանութիւնը կատարուած է ամերիկեան անգլերէնով, որ քիչ մը օտարոտի տպաւորութիւն կը թողուի անգլիացի ընթերցողին վրայ: Ամէն պարագայի մէջ, երկասիրութիւնը ուշագրաւ նուաճում մըն է եւ մեր երեւակայութեան առջեւ կը բանայ տարօրինակ, հոգեցունց եւ շքեղ աշխարհ մը:

Ուշագրաւ է նաեւ տիկ. Ղուկասեան-Վիլլայի հրատարակած ժողովրդային հեքիաթներու հաւաքածոն, որ իր բնոյթովն իսկ առաջինէն նուազ միասնական գործ մըն է, ուր ամփոփուած են ամերիկահայ համայնքներու առաջին եւ երկրորդ սերունդներուն կողմէ պատմուած պատումները: Օգտակար նախաբանի մը մէջ ուրուագծուած են այդ համայնքներուն զարգացման եւ Հայաստանի պատմութիւնը` Քրիստոսէ առաջ Գ. դարէն սկսեալ: Հեքիաթները գեղջուկ առօրեայ կեանքէ դրուագներ կը ներկայացնեն եւ կենդանի պատկերներու ամբողջական հիւսք մը կը ցոլացնեն:

Հաւաքածոն պաշտաճօրէն դասաւորուած եւ օժտուած է` խնամուած նոթերով, յաւելուածներով եւ բաղդատական ուսումնասիրութեամբ, դրդապատճառներու մասին ակնարկներով եւ այլն: Կարճ, այլ գրաւիչ նկարագրութիւններ ունի այն անձերու մասին, որոնցմէ առնուած են հեքիաթները: Գիրքին ընթերցումը հաճելի է եւ պէտք է յուսալ, որ տիկ. Ղուկասեան-Վիլլա ուրիշ հատոր մըն ալ պիտի հրատարակէ իր հաւաքած նախապատումներուն, հանելուկներուն եւ այլ նիւթերու մասին:

 

Պէյրութ Եւ Լիբանան

Ելեկտրականութեան Գրասենեակին
Գործադուլը

Ելեկտրականութեան գրասենեակի անձնակազմին գործադուլը կը շարունակուի: Կառավարութեան հետ կատարուող խօսակցութիւնները արդիւնքի մը յանգած չըլլալով` բանթողները կը սպառնան աշխատանքը դադրեցնել արտադրութեան գործարաններուն եւ թրանսֆորմասիոնի կեդրոններուն մէջ:

Ելեկտրականութեան գրասենեակին պաշտօնեաներն ու բանուորներու սենտիքան երէկ առտու գումարեց ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին քննեց կացութիւնը` իշխանութիւններու ցոյց տուած կարծր վերաբերումի լոյսին տակ:

Քանի մը օր առաջ բանուորները զիջումներ ըրած էին: Յատկապէս հրաժարած էին 10 առ հարիւր յաւելումի իրենց սկզբնական պահանջէն:

Բայց երէկուան ժողովին սենտիքան վերադարձաւ իր նախկին դիրքին եւ հիմա դարձեալ կը պահանջէ 10 առ հարիւրի յաւելում մը եւ կը սպառնայ քաշել բռնի աշխատանքի լծուած բանուորները եւ մասնագէտները: Կառավարութիւնը, իր կարգին, նախազգուշական միջոցներ ձեռք առած է:

Վերջին պահուն, ինչպէս հաղորդած ենք Ա. էջին մէջ, սենտիքան որոշեց ընդունիլ կառավարութեան պայմանները եւ վերջ տալ գործադուլին:

Ելքի Տուրք

Կառավարութիւնը խորհրդարանի դիւանին փոխանցած է ստիպողական օրինագիծ մը, որուն համաձայն, այսուհետեւ ելքի տուրք պիտի գանձուի օդի կամ ծովու ճամբով ճամբորդողներէն:

Ամէն օր մեծ թիւով այցելուներ կու գան Լիբանան, զբօսաշրջիկ, առեւտրական եւ այլն, որոնք որոշ գումարներ կը ծախսեն: Նոյնպէս, բազմաթիւ ճամբորդներ, լիբանանցի կամ օտար, ամէն օր կը մեկնին երկրէն, օդի կամ ծովու ճամբով: Արդ, այս ճամբորդները բան չեն վճարեր օդակայանին եւ նաւահանգիստին մէջ իրենց մատուցուած ծառայութիւններուն համար: Մինչ բազմաթիւ երկիրներ ելքի տուրք կը գանձեն, նոյնիսկ եթէ ճամբորդները կը մեկնին ցամաքի ճամբով:

Կարգ մը անձեր զերծ պիտի ըլլան այս տուրքէն, ինչպէս` ականաւոր ճամբորդներ եւ պաշտօնական անձեր:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշատետր. Ժամացոյցի Պատմութիւն Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.