Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Կողմ Պիտի Քուէարկէ Արթուր Դաւթեանի Թեկնածութեան

September 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

arf-tavtian_91416

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին  պատգամաւորներն ու խմբակցութիւնները իրենց ելոյթներուն մէջ յայտնեցին իրենց կարծիքը գլխաւոր դատախազի թեկնածու Արթուր Դաւթեանի վերաբերեալ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ գլխաւոր դատախազի ընտրութիւնը չափազանց կարեւոր ընտրութիւն է, որ կը համընկնի երկրին մէջ տեղի ունեցող լրջագոյն փոփոխութիւններուն հետ, երբ կ՛ազդարարուի փոփոխութիւնները արագացնելու նոր որակական սկիզբի մասին:

Այդ շրջագիծին մէջ կը տեսնենք գլխաւոր դատախազի ընտրութիւնը, որ պիտի ունենայ պատմական առաքելութիւն` գործել նոր սահմանադրութեան համապատասխան: Արմէն Ռուստամեանի համոզումով գլխաւոր դատախազութիւնը նոյնպէս պէտք է անցնի նոր համակարգի, նոր քաղաքական յարաբերութիւններու, նոր խաղի կանոններու:

Պատգամաւորը շեշտեց, որ հասարակութեան մէջ կայ կուտակուած մեծ դժգոհութիւն եւ մարդիկ այլեւս չեն հաւատար խոստումներու, խօսքերու, եւ որ մարդիկ դրական փոփոխութիւնները այսօր կ՛ուզեն տեսնել: «Ինչ ալ ըսենք, հասարակութեան համար որեւէ երաշխիք պիտի  չյառաջանայ, եթէ չտեսնեն ձեր քայլերը, եւ եթէ տեսնեն իրական քայլեր, որ մարդը եկած է սահմանադրութեան համապատասխան երկիրը փոխելու, արդարութիւնը վերականգնելու, ուրեմն ժողովուրդը շատ արագ կրնայ  ատիկա գնահատել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` յոյս յայտնելով, որ նոր գլխաւոր դատախազը պէտք է իրականացնէ քայլեր, որոնք կարելիութիւն պիտի տան սահուն անցում կատարել խորհրդարանական համակարգին:

Ըստ Ռուստամեանի, պէտք է ամբողջութեամբ վերանայուի դատախազութեան մասին օրէնքը, անիկա պէտք է համապատասխանեցուի նոր սահմանադրութեան:

Արմէն Ռուստամեան յաջողութիւն մաղթեց գլխաւոր դատախազի թեկնածուին` ըսելով, որ ՀՅԴ-ն կողմ  պիտի քուէարկէ անոր  ընտրութեան:

 

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Այլընտրանք Չի Տեսներ

Յաջորդը

Լեւոն Մկրտչեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Կը Գտնուի Վրաստան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.