Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ. Կիւլենի Աջակցելու Յանցանքով Պաշտօնազրկուած 28 Քաղաքապետներուն Տեղ Նորերը Նշանակուած Են

September 12, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

tu_91116

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նշանակուած են 28 նոր քաղաքապետներ` փոխարինելու համար այն քաղաքապետները, որոնք ամբաստանուած են  Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կամ Կիւլենական շարժումին օժանդակելու կամ աջակցելու յանցանքով:

Նախարարութիւնը նշեց. «1 սեպտեմբերին հրապարակուած թիւ 674 օրէնքին հիմամբ` 24 քաղաքապետներ պաշտօնազրկուած են ՔԱԿ-ին աջակցելու յանցանքով, իսկ 4 ուրիշներ` Կիւլենի կազմակերպութեան զօրակցելու»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ պաշտօնէ արձակուածներու շարքին են Ալեքսանտրեթի եւ Պաթմանի քաղաքապետները` աւելցնելով, որ 12 պաշտօնազրկուածները տակաւին ձերբակալուած են` անոնց առնչուող հետաքննութեան պատճառով:

«Ընտրուած ոչ մէկ պաշտօնատար կրնայ ժողովուրդին ազատ կամքը շահագործելով ոճիրներ կատարելու: Արդարադատական մարմինները բացարձակապէս աչքաթող չեն ըներ ոչ օրինական արարքներ գործելու համար պաշտօններու շահագործման»:

Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր մտահոգութիւնը յայտնեց քաղաքապետներու պաշտօնազրկման եւ նորերու նշանակման նկատմամբ` աւելցնելով, որ կը զօրակցի Թուրքիոյ` ինքզինք ահաբեկչութենէն պաշտպանելու իրաւունքին, սակայն կը հաստատէ իրաւաբանական կարգերը յարգելու եւ խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Դեսպանատունը յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ վստահելի անձերու քաղաքապետ նշանակումը կ՛ըլլայ ժամանակաւոր քայլ մը եւ «մօտ օրէն տեղւոյն քաղաքացիներուն կ՛արտօնուի ընտրել նոր պատասխանատուներ` թրքական օրէնսդրութեան հիմամբ»:

«Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան կարգ մը շրջաններու մէջ 28 քաղաքապետներու պաշտօնազրկման դէմ բողոքող ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ:

Թուրքիոյ 28 Քաղաքապետարաններու Մէջ
Հսկիչներ Պիտի Նշանակուին

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած է, որ 15 օրուան ընթացքին երկրի 28 քաղաքապետութիւններու մէջ պիտի նշանակուին հսկիչներ:

Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, այդ որոշումը կայացած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ` կանխարգիլելու համար Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող կիւլենական շարժումին հետ կապերու հաստատման հաւանականութիւնը:

«Տեմոքրաթհապեր» նաեւ հաղորդեց, որ ձերբակալուած են Թուրքիոյ մէջ յայտնի լրագրող Ահմեթ Ալթանն ու անոր եղբայրը` փրոֆ. Մեհմեթ Ալթանը` պատկերասփիւռէն կիւլենական շարժումին վերաբերեալ անոնց կատարած յայտարարութեան լոյսին տակ:

Թուրքիոյ պետական «Ռեսմի» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ մէկ օրուան ընթացքին երկրի վեց նահանգներու մէջ տեղի ունեցած է նահանգապետի փոփոխութիւն:

Անգարան, Արտվինը, Չանաքքալէն, Ալեքսանտրեթը, Սինոփին եւ Իզմիրը այլեւս նոր նահանգապետներ ունին:

Անգարայի նահանգապետ նշանակուած է Ալեքսանտրեթի նախկին նահանգապետ Էրճան Թոփաջանը:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, տեղի ունեցած փոփոխութիւնները կատարուած են 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձէն ետք երկիրի կառավարութեան նախաձեռնած յատուկ գործողութիւններու ծիրին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Եփրատի Վահան»-ը ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Առաջին Քայլն Է»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանը Կանչուած Է Պաքու

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.