Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՔԱՐԻՒՂԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

September 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի` երեսփոխաններուն հետ հանդիպման պահուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին  հաստատեց, որ անհրաժեշտ է անցնիլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարի քննարկման, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ անցնիլ անոր գործադրութեան, այլ խօսքով` քարիւղի հանքերու պեղման աշխատանքին:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ ինք կը մերժէ «չպեղել» կոչուող կատարուած իրողութեան առջեւ գտնուիլ` ընդգծելով, որ ատիկա պիտի նշանակէ, թէ Լիբանան կ՛ենթարկուի այն իրականութեան, որ լիբանանեան ջրային որոշ տարածքներու շուրջ տարակարծութիւն կայ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի դրուատեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հարաւային Լիբանան այցելութիւնը` նշելով նաեւ, որ Ռայի պատրիարքը իր կարգին շատ գոհ էր այդ այցելութենէն, ինչպէս նաեւ ողջունեց Տար Ֆաթուայի հոգեւոր վեհաժողովը եւ անկէ բխած կեցուածքները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի, որ խորհրդարանի նախագահին յանձնեց միջերկրականի մէջ Լիբանանի պատկանող տնտեսական գօտին ճշդող պաշտօնական փաստաթուղթ մը:

Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը մօտիկ ապագային օրէնսդրական նիստ մը պիտի չգումարէ` աւելցնելով, որ ինք պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Իրան, ուրկէ պիտի ուղղուի նաեւ Հայաստան:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որ դիւանագիտական իր առաքելութեան աւարտին առիթով ձեռնարկած է հրաժեշտի բնոյթ ունեցող այցելութիւններու շարքի մը:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Ուիլիըմզը պարգեւատրեց յուշանուէրով մը:

Մեկնումի պահուն Ուիլիըմզ դրուատիքով անդրադարձաւ Պըրրիի հետ իր հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առնչութեամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ան աւելցուց, որ այդ բանաձեւը անհրաժեշտ է պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Ուիլիըմզ աւելցուց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը եւ կայունութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը:

Ան նշեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մասին Պըրրիի հետ քննարկումներ չէ կատարած` աւելցնելով սակայն, որ այդ մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած յայտարարութիւնները բաւական յուսադրիչ էին:

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԻՒՖԹԻՆ ԵՒ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԲՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅՂՈՒԹԻՒՆ, ՎԻԺՈՒՄ ԵՒ ԾՆՆԴԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.