Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Զինուորներու Հետ

September 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

KarekinII(2)_90616

6 սեպտեմբերի Արցախի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամաս, ուր հանդիպում ունեցաւ հրամանատարական կազմին եւ զինուորներուն հետ:

Զօրամասին մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն դիմաւորեց եւ բարի գալստեան խօսքով ողջունեց Լեռնային  Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար զօրավար Լեւոն Մնացականեան:

Այնուհետեւ զօրքին իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

KarekinII_90616

Պահպանիչ աղօթքէն ետք վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց  զինուորներուն` ուրախութիւն յայտնելով Արցախ իր այցելութեան ծիրին մէջ պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն եւ հրամանատարներուն հետ հանդիպման կարելիութեան համար: «Եկած ենք մեր գնահատանքը եւ սէրը արտայայտելու ձեզի, նաեւ բերելու ձեզի մեր խոնարհումը ձեր իրագործած սխրանքներուն համար, որոնց մենք ականատես դարձանք ապրիլեան պատերազմի օրերուն, թէ ինչպիսի՛ քաջազունութեամբ դուք կասեցուցիք ազրպէյճանական զօրքերու յարձակումը, զանոնք շպրտեցիք մեր սահմաններէն: Մեր խոնարհումը կը բերենք քաջարի զինուորներուն` մեր ազգի հերոս զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքով այդ օրերուն պաշտպանեցին մեր հայրենիքը: Թող երկինքէն միշտ լոյս եւ օրհնութիւն իջնէ անոնց շիրիմներուն: … Փա՛ռք ձեզի, հայոց բանակի քաջարի մարտիկներ: Վերստին, փա՛ռք ձեր ընկերներուն, որոնք կը հանգչին Արցախի եւ Հայաստանի նուիրական եւ սուրբ հողին մէջ», ըսաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Նշելով, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը սրբազան ծառայութիւն է ազգի իւրաքանչիւր զաւակի համար` վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց հաւատքի զօրացումը: «Հաւատքով է, որ մեր ժողովուրդը ունեցած է իր պատմութեան բոլոր յաղթանակները Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Սարդարապատ եւ  Արցախ: Արցախի մէջ ապրիլեան պատերազմի օրերուն մեր զինուորներուն մէջ մենք տեսանք այդ զօրեղ հաւատքի ճառագումը:

… Շնորհիւ յաղթական ոգիին եւ հաւատքին մեր զինուորները կրցան յաղթական դուրս գալ այդ պատերազմէն:

Սիրելինե՛ր, այս հողը սուրբ ու նուիրական է, որովհետեւ հոս ունինք նուիրական սրբութիւններ` դարերով կերտուած հաւատաւոր մեր զաւակներուն  կողմէ: Այս հողը սուրբ ու նուիրական է, որովհետեւ հոս թափուած է մեր պատուական զաւակներուն եւ մեր նախնիներուն քրտինքը եւ  նաեւ արիւնը: Այսօր դուք էք պաշտպանները այս նուիրական հայրենիքին: Այս սահմանները պէտք է անառիկ պահել` նուիրումով, հաւատքով եւ խիզախ հերոսական ոգիով, որ կը կրէք ձեր մէջ», աւելցուց վեհափառ հայրապետը:

«Դուք միշտ մեր աղօթքներուն մէջ էք, մենք կը սիրենք ձեզ: Ձեզ կը սիրէ ազգի իւրաքանչիւր զաւակ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի հեռաւոր ափերուն մէջ: Մեր ազգը իր սիրով ու ոգիով, իր կարելիութիւններու ընծայաբերումներով եւ  յանձնառութիւններով միշտ ձեր կողքին է: Ձեզի հետ է նաեւ մեր եկեղեցին իր կարելիութիւններով ու կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ իր սպասաւորներով»,  ընդգծեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը աղօթեց, որ միշտ յաղթական ըլլայ հայ զինուորին բազուկը, եւ Աստուած անվտանգ եւ բոլոր փորձութիւններէն հեռու պահէ երիտասարդները, որպէսզի, փառքով եւ պատուով աւարտելով իրենց ծառայութիւնը, վերադառնան իրենց ընտանիքներուն` ուրախութիւն պարգեւելով իրենց ծնողներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին:

Աւարտին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները զրոյց ունեցան զինուորներուն հետ:

Մայր Աթոռը 500 Հազար Տոլար Փոխանցած Է Արցախին

Ստեփաակերտի մէջ իր աշխատանքներուն սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ:

«Արցախ աշխարհ այս այցելութիւնը ուխտագնացութիւն է մեզի համար. հող մը, ուր ամփոփուած են մեր նախնեաց յիշատակները, ուր կը գտնուին բազմաթիւ սրբավայրեր: Եկած ենք մեր խոնարհումը բերելու, ծնրադրելու նուիրական այդ սրբավայրերուն մէջ եւ մեր աղօթքն առ Աստուած բարձրացնելու Արցախի ապահովութեան եւ արցախահայութեան բարօր կեանքին համար», ըսած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` ընդգծելով, որ հայոց եկեղեցին իր աշխարհասփիւռ թեմերով ու համայնքներով միշտ եղած է ու կը մնայ արցախահայութեան կողքին, աջակից եւ զօրակից Արցախին` իր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ճամբուն վրայ:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը տեղեկացուցած է, որ այցելութեան առիթով Ս. Էջմիածինի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան թեմերուն անունով Մայր Աթոռը վերստին 500 հազար տոլար կը փոխանցէ Արցախին` արցախահայութեան կարիքներուն համար:

Անդրադառնալով ժողովի օրակարգին` վեհափառ հայրապետը նշած է, որ քննարկուելիք խնդիրները մեծ կարեւորութիւն ունին եկեղեցւոյ ժողովական կառոյցներու գործունէութեան կանոնակարգման, եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւէտ կազմակերպման եւ յառաջընթացին համար:

Եռօրեայ ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին ազգային-եկեղեցական ժողովի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կանոնադրութիւններու մշակման, եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի կանոնադրութեան համալրման ընթացքին վերաբերող հարցեր, պիտի ներկայացուին զեկուցումներ եկեղեցական կառոյցներու եւ թեմերու գործունէութեան առնչութեամբ:

 

 

Նախորդը

Տինքը Սպաննողին Օգնած Են Թրքական Բանակի Սպաներ

Յաջորդը

Գերմանացի Երեսփոխանը Անընդունելի Կը Նկատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Մասին «Տեր Շփիկըլ»-ի Հրապարակումը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.