Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Նուիրուած Մոնթեվիտէոյի Խորհրդաժողովին Ընթացքին Որդեգրուած Է Հռչակագիր Մը

September 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

montevideo_90516 (1)

«Փրենսա Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին նուիրուած խորհրդաժողովին մասնակիցները որդեգրած են հռչակագիր մը, որուն մէջ մասնակիցները կը հաստատեն տագնապի խաղաղ լուծման օգտին աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է գործադրէ իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը` առանց սպառնալիքներու եւ բռնութեան ենթարկուելու:

Ստորագրուած փաստաթուղթը կը պաշտպանէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդական ջանքերը, որոնք ուղղուած են տագնապին խաղաղ լուծման, եւ միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ քայլերու ձեռնարկելու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու, պատերազմական հռետորաբանութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ, որպէսզի տագնապը նոր զինեալ բախումներու չվերածուի:

Ուրուկուէյցի երեսփոխան Տանիէլ Ռատիօ հռչակագիրը կարդալէ ետք ըսած է. «Մենք կ՛ուզենք, որ բոլորը գիտնան, որ Ուրուկուէյի մէջ, որ հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու է Լեռնային Ղարաբաղէն, կան մարդիկ, որոնք անտարբեր չեն այս հարցին նկատմամբ»:

Ծերակուտական Ռաֆայէլ Միքելինի, իր կարգին, յայտարարած է, որ այն ինչ որ իրենք կ՛ընդունին խորհրդաժողովին փակումով, արդարութեան արարք է: Իրաւապաշտպան Օսքար Լոփես Կոլտարասենա ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը արդէն ինքնորոշուած է եւ ընտրած ազատ ու գերիշխան պետութեան իր բնորդը: Իսկ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պելելա Հերերա յոյս յայտնած է, որ իրենց նախաձեռնութիւնը օրինակ դառնայ ամբողջ աշխարհին համար:

Ուրուկուէյի մայրաքաղաքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին նիւթով խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2 սեպտեմբերին: Խորհրդաժողովին մասնակցած են օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, իրաւապաշտպաններ: Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն նպատակն է յառաջ մղել Ուրուկուէյի դիրքորոշումը Ազրպէյճանի եւ Լեռանային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու հարցին մէջ:

 

 

Նախորդը

Վրաստանի Վարչապետը Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Հայաստան

Յաջորդը

ԱՌԻ-ի Հիմնադրամը Տարբեր Ծրագիրներ Կ՛իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.