Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Մէջ Աւարտած Է ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Շրջանային Բանակումը

August 31, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

AYF_Cyprus_83016

ՀՅԴ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու  շրջանային բանակումը, որ իր աշխատանքներուն սկսած էր 22 օգոստոս 2016-ին Կիպրոսի Թրոտոս լեռնաշղթայի բանակավայրերէն մէկուն մէջ, աւարտած է 28 օգոստոսին:

Բանակումին կը մասնակցէին 13 երկիրներէ 65 երիտասարդներ, որոնց մէջ` ՀՅԴ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Ֆրանսայի, Շուէտի, Հոլանտայի, Բրիտանիոյ, Արցախի, Հայաստանի, Կիպրոսի եւ այլ շրջաններու երիտասարդական միութիւններու անդամներ:

Եօթնօրեայ բանակումին ծրագիրը բաւական յագեցած էր` դասախօսութիւններ, քննարկումներ, խմբային աշխատանքներ, մրցումներ, այցելութիւններ, խնճոյք, ժամանց:

Բանակումին ընթացքին մասնակիցները դասախօսութիւններ ունկնդրեցին Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքական իրավիճակին, Արցախի տագնապի բանակցային գործընթացի ներկայի փուլին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կատարելիք աշխատանքին, Հայաստանի եւ հայութեան առաջնահերթ խնդիրներուն, հանրային կարծիքի ձեւաւորման մէջ ընկերային ցանցերու դերակատարութեան, կիպրահայութեան անցեալին ու ներկային եւ Կիպրոսի մէջ ՀՅԴ ներկայութեան վերաբերեալ:

Դասախօսութիւններէն ետք մասնակիցները, բաժնուելով խումբերու, կատարեցին քննարկումներ եւ արծարծուած նիւթերուն վերաբերեալ իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները ներկայացուցին բանակումին  վերջին օրը:

Տեղի ունեցան մտային ու մարզական մրցումներ: Յառաջացաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտ:

Կիպրոս գտնուելու առիթը օգտագործելով, մասնակիցները այցելեցին Աֆրոդիտէի ծննդավայր, Պլատրես զբօսաշրջային գիւղ, Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ կեդրոն, ծանօթացան հայ գաղութին:

Բանակումի փակման խօսքով, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին անունով, հանդէս եկաւ Յակոբ Մանուկեան, խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեանը:

Յակոբ Մանուկեան նշեց, որ մէկ տասնեակէ աւելի երկիրներէ 65 երիտասարդներու մասնակցութեամբ բանակումը Կիպրոսի մէջ լուրջ ձեռքբերում է: Ան բարի ճանապարհ մաղթեց մասնակիցներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նմանատիպ ձեռնարկներ կրկին հիւրընկալելու Կիպրոսի մէջ:

Սարգիս Մկրտչեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայրենիքը մէկ է, երկրորդը չկայ: Հայութեան ներկայի վիճակը անբնական է, հետեւանք` դառն ճակատագիրի: Ուստի Հայաստան եւ սփիւռք ձեռք ձեռքի տուած պիտի կերտեն հզօր հայրենիք: ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու  պարտականութիւնն է ամէն ջանք ի գործ դնել այդ նպատակին հասնելու համար»:

Բանակումի մասնակիցները 28 օգոստոսին մասնակցեցան Նիկոսիոյ  ՀՄԸՄ-ՀԵՄ կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթին:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Կիպրոս, Թրոտոս
29 օգոստոս 2016

 

Նախորդը

Ընտրական Օրէնքի` Պայմանով Ընդունուած Փոփոխութիւնները Չեղեալ Յայտարարուեցան

Յաջորդը

Շթայնմայեր Մերժած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւէն Հրաժարելու Թուրքիոյ Պահանջը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.