Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ «ՄԵՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐ ԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

September 28, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ի պատիւ նախագահ Սարգսեանի կազմակերպուած ընդունելութենէն պահ մը

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 26 սեպտեմբերին մասնակցեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ քաղաքապետ Անթոնիօ Վիյարակոսայի կողմէ ի պատիւ Հայաստանի նախագահին տրուած ընդունելութեան:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան օրերուն մեծ հպարտութիւն ապրած է` ներկայացնելով հայ ժողովուրդը: Նշելով, որ կը գտնուի քաղաքի մը մէջ, ուր Հայաստանէն դուրս կ՛ապրի հայերու ամէնէն հոծ հատուածը, նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի տեղական իշխանութիւններուն, քաղաքապետ Անթոնիօ Վիյարակոսային եւ հայ ժողովուրդի բոլոր բարեկամներուն` հայերուն նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ եւ բարեացակամ վերաբերմունքին համար:

«Հարիւր հազարաւոր հայրենակիցներս կարելիութիւն ունեցած ենք ազատ ապրելու, զարգանալու, իրենց բարեկեցութիւնը ապահովելու եւ բնականաբար իրենց լուման ունենալու թէ՛ քաղաքի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու յաջողութիւններուն մէջ: Մենք շնորհակալ ենք Միացեալ Նահանգներուն այդպիսի վերաբերմունքին համար: Մեր բարեկամութիւնը յաւերժ է, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն ընթացքին բաւականաչափ ամրապնդուած են: Գիտէ՞ք, շատ տարօրինակ բան մը կայ` մենք ունինք հազարամեակներու պատմութիւն, բայց կը նշենք մեր անկախութեան 20-ամեակը: Մենք երիտասարդ ժողովրդավարութեան երկիր ենք, բայց 1700 տարի ղեկավարուած ենք այդ գաղափարներով: Այսօր ալ բարեկամներու աջակցութիւնը եւ մեր ներուժը կ՛օգնեն յառաջընթաց ապահովելու մեր երկրին մէջ», նշեց Հայաստանի նախագահը:

Աւարտելով Միացեալ Նահանգներ տրուած աշխատանքային այցելութիւնը` նախագահ Սերժ Սարգսեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա մեկնած է:

 

Նախորդը

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ՈՉԻՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Յաջորդը

ՏԱՒԻՏ ՏՈՒԻՅԷ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։