
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու զինուած ուժերու միացեալ գործնական եւ մարտական պատրաստութեան 2016-ի ծրագիրին համաձայն, 23-էն 27 օգոստոսին Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող «Անխախտ եղբայրութիւն-2016» միացեալ խաղաղապահ ռազմափորձին գործնական փուլին մասնակցելու համար Պիելոռուսիոյ Հանրապետութիւն մեկնած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ռազմափորձին աւարտէն ետք 28-էն 30 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնական այցելութիւնը Պիելոռուսիոյ Հանրապետութիւն:


