«Փանորամա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի 26 օգոստոսի ճեպազրոյցին ընթացքին, լրագրող մը հարց տուած է, թէ ճի՞շդ են այն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, Մոսկուա կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման գծով Ռուսիոյ տալ լիարժէք առաջնորդութիւն, իսկ անոր փոխարէն` առաջարկած է զիջումներ Սուրիոյ հարցով:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին, Զախարովա պատասխանած է. «Թէ Միացեալ Նահանգներ որեւէ հարցով մեզի լիարժէք առաջնորդութիւն կու տա՞յ` չե՛մ հաւատար: Նման քայլ մը անկիւնադարձային կ՛ըլլայ»: