Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Նիստը Քրիստոնեաները Թիրախ Դարձուցած Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

August 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

enger_hagop_interview_82516

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լաւ կ՛ըլլար, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան գումարելիք նիստը յետաձգէր:

«Կառավարութեան նիստը քրիստոնեաները թիրախ դարձուցած է, որովհետեւ օրինականութեան ըմբռնումը կ՛ենթադրէ բոլոր համայնքներուն գործակցութիւնը: Կառավարութեան նիստէն բացակայեցան հիմնական տարրեր, հայութիւնը ամբողջութեամբ բացակայ էր այդ նիստէն` նկատի ունենալով, որ միակ հայ նախարարը` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, ներկայ չէր: Անոր կողքին նիստը լքեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարը` Միշել Ֆարաոն, ինչ որ կը նշանակէ յոյն կաթողիկէ համայնքին բացակայութիւնը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ըստ երեւոյթին, օրինականութեան նոր հասկացողութիւն մը գոյութիւն ունի` հարց տալով, որ արդեօք օրինականութիւնը բոլո՞ր համայնքներուն կը վերաբերի, թէ՞ միայն մեծ համայնքներուն:

Ան ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահին չգոյութեան լոյսին տակ   օրինականութիւնը պէտք է յարգել, որովհետեւ օրինականութիւնը երկրին սահմանադրութեան անմասնատելի մէկ բաժինն է:

Յ. Բագրատունի վերյիշեցուց, որ նախապէս նման հարց մը արձանագրուած է եւ կառավարութիւնը որոշած է հետեւեալը. «Նախարարաց խորհուրդի նիստէն երկու հիմնական տարրերու բացակայութեան պարագային, ո՛չ նիստ պէտք է գումարուի եւ ո՛չ ալ որոշումներ տրուին: Հետեւաբար հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ այս որոշումը չէ գործադրուած: ՀՅԴ-ի նախարարին կողքին, կառավարութեան նիստէն բացակայեցան Փաղանգաւոր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն նախարարները, աւելի ուշ նաեւ նախարար Ֆարաոն: Ասիկա վտանգաւոր նախընթաց է. հետագային կառավարութիւնը բաղկացնող ուրիշ տարրերու բացակայութեան եւս կրնայ նիստ գումարուիլ: Սա կը նշանակէ, թէ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերը եւ կառավարութեան մէջ ներկայացուած համայնքները պէտք է հաւասար ըլլան»:

Պատասխանելով բանակի հրամանատարի նշանակման եւ կամ անոր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հաւանականութեան ակնարկող հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն բանակի հրամանատարը կը գնահատէ իբրեւ յաւելուած արժէք` բանակին եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան համար: «Սակայն մեր կարծիքով, եթէ զինուորական մարզէն դուրս նշանակումներ կը կատարուին, ապա կարելի է նաեւ զինուորական նշանակումներ կատարել: Աւելի՛ն. ինչո՞ւ որոշ անձնաւորութիւններու պարագային նշանակումներ կարելի է կատարել, իսկ այլոց պարագային` պէտք է պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:

Նախագահական ընտրութեան առումով, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան եւ զայն յարմարագոյնը կը գտնէ ամէն իմաստով:

Ան մաղթեց, որ մինչեւ երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր, այսինքն` Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը, կարելի կ՛ըլլայ կառավարութեան հարցերուն լուծումներ գտնել` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով ինք լաւատես չէ, «որովհետեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը յաւելեալ ջանքեր, յաւելեալ համոզում եւ միջլիբանանեան միասնականութիւն կ՛ենթադրէ», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարութեան հետ` միացեալ որոշում մը տալու իմաստով: Ան ընդգծեց, որ մինչեւ կառավարութեան յաջորդ նիստը` 8 սեպտեմբեր 2016, կարելի կ՛ըլլայ լուծումներու յանգիլ:

«Մենք համաձայն ենք, որ կառավարութիւնը շարունակէ իր աշխատանքները, սակայն անոր կողմէ որոշումներ չտալու եւ սառած վիճակով գործելու եղանակը մեզ կը ստիպէ քաղաքական տուրքեր վճարելու, իսկ մենք երբեք այդ վիճակին մէջ չենք փափաքիր գտնուիլ: Կառավարութեան որոշումները միակողմանի պէտք չէ ըլլան: Ամէն պարագայի, կառավարութիւնը նոյնիսկ ընթացաւարտ շրջանի կառավարութիւն չէ, իսկ զայն պահելու քաղաքական անհրաժեշտութիւնը կարելի չէ շահագործել եւ քրիստոնեայ կողմին վրայ ճնշում բանեցնել` յարմար որոշումներ որդեգրելու համար», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Պուրճ Համուտի Աղբի Մթերման Վայրը Փակելու Առնչութեամբ

Պուրճ Համուտի մէջ աղբերու ընդունումը ժամանակաւորապէս արգիլելու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան որոշումին գործադրութեան լոյսին տակ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հարցազրոյց մը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն պատասխանատու չէ երկրին մէջ ծագած աղբի տագնապին` աւելցնելով, որ իրենք լուծում մը առաջարկած են եւ այդ լուծման գործադրութեան նպատակով դիմած են որոշ քայլերու, որոնց առնչութեամբ կառավարութիւնն ու հեղինակութիւնները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը եւ խոստումները կատարեն:

«Եթէ Պուրճ Համուտի մէջ աղբի ընդունումը առկախեցինք, ատիկա չի նշանակեր, որ պիտի ընդունինք Քարանթինայի մէջ աղբի կուտակումը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Պուրճ Համուտի աղբերու ժամանակաւոր մթերման վայրը հասնող աղբերը խոստացուած կերպով չեն տեսակաւորուած` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը Կեդրոնական կոմիտէին խոստացած է աղբը Պուրճ Համուտ հասցնել վնասազերծուած թափօններու վիճակին մէջ, ինչ որ չի գործադրուիր:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը պատրաստ են Պուրճ Համուտի աղբի մթերման ժամանակաւոր վայրը վերաբանալու` նոր պայմաններով, որոնք կ՛ընդգրկեն. ա) ճշգրիտ կերպով տեսակաւորել, բ) ծրարուած թափօններ պատրաստել եւ ապա սկսիլ ծրագիրի գործադրութեան: Ան շեշտեց այս երեք աշխատանքները զուգահեռաբար կատարելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ եթէ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայր չստեղծուի, ապա աղբի մթերման վայր գոյութիւն պիտի չունենայ:

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Համաներում Յայտարարելու Որոշում Որդեգրուեցաւ

Յաջորդը

Վենթուրա Իտալիոյ Իր Կազմը Պիտի Օժտէ Երիտասարդ Ֆութպոլիստներով

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.