
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան կ՛ուզէ միանալ Եւրասիական տնտեսական միութեան:
«Ռուսիան կը գլխաւորէ Եւրասիական մաքսային միութիւնը, որուն մէջ կը մտնեն այնպիսի երկիրներ, ինչպիսիք են Պիելոռուսիան, Խըրխըզիստանը, Ղազախստանը եւ Հայաստանը: Ի հարկէ, մենք կ՛ուզենք միանալ Եւրասիական մաքսային միութեան` սակայն առանց վնասելու Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ հոլովոյթին», ըսած է Զէյպեքճի:
«Մինչեւ ռուսական օդանաւին վար առնուիլը` 24 նոյեմբեր 2015-ին, մենք բանակցութիւններ կը վարէինք Ռուսիոյ հետ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու մասին, ինչի վերաբերեալ շրջանակային համաձայնութիւնը Ռուսիոյ տնտեսութեան նախարարին հետ ստորագրուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին: Այժմ մենք վերականգնած ենք այդ բանակցութիւնները եւ կ՛ուզենք զանոնք աւարտել կարելի եղածին չափ շուտ», աւելցուցած է ան:
Ըստ թուրք նախարարին, ազատ առեւտուրի գօտին պիտի ընդգրկէ ծառայութիւններու եւ ներդրումներու առաջին հատուածը: Հետագային կողմերը կը ծրագրեն այնտեղ մտցնել արդիւնաբերական արտադրութիւնը, մասնաւորաբար, գիւղատնտեսական հատուածը:


