
Հայաստանի կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 22 օգոստոսին ընդունած է Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարար Ծեան Քեմինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է հայ-չինական համագործակցութեան բարձր մակարդակին եւ զայն ամրապնդելու երկկողմանի պատրաստակամութեան համար` հաստատելով, որ այդ մասին կը վկայեն վերջին շրջանի յաճախակի բարձրաստիճան պաշտօնական փոխադարձ այցելութիւնները: Ըստ անոր, Հայաստանի համար Չինաստանը բարեկամ երկիր է, կարեւոր գործընկեր, եւ երկկողմանի առեւտրական, տնտեսական յարաբերութիւնները աշխուժ զարգացման փուլի մէջ են. վերջին տարիներուն էապէս աւելցած է փոխադարձ առեւտուրի ծաւալը: Այս պարունակին մէջ վարչապետը կարեւոր նկատած է աշխատանքները առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-չինական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբին, որուն հերթական` 9-րդ նիստը տեղի ունեցած է 22 օգոստոսին Երեւանի մէջ (Ծեան Քեմինը այդ յանձնախումբի չինական կողմին համանախագահն է):
Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարարը նշած է, որ Հայաստանն ու Չինաստանը ո՛չ միայն լաւ բարեկամներ են, այլ նաեւ յուսալի գործընկերներ, եւ առկայ կայուն քաղաքական երկխօսութիւնը կարելիութիւն կու տայ նոր մակարդակի բարձրացնել փոխադարձ գործակցութիւնը: Ծեան Քեմին նշած է, որ հայ-չինական առեւտրական- տնտեսական կապերը արդիւնաւէտ կերպով կը զարգանան, եւ առկայ է մեծ ներուժ` անոնց սերտացման եւ հետագայ խորացման համար: Ան Հայաստանի վարչապետին ներկայացուցած է Հայ-չինական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի 9-րդ նիստին արդիւնքները` դիտել տալով, որ քննարկուած եւ նախանշուած են շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու նպատակով երկու երկիրներու բարձրագոյն ղեկավարութեան միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման հետագայ քայլերը:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են ճանապարհաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ այլ մարզերու մէջ միացեալ ծրագիրներու ընթացքէն եւ քննարկած վերոնշեալ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ` հանքարդիւնաբերութեան, ելեկտրականութեան, սննդարդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ, շրջանային նշանակութեան երթեւեկի ենթակառոյցներու զարգացման ուղղութեամբ գործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան հարցին: Փոխնախարարը կարեւոր նկատած է Հայաստանի դերը Չինաստան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման առումով: Ի պատասխան` Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստան կ՛ողջունէ եւ պատրաստ է աջակցելու այդ հոլովոյթին:
Ըստ վարչապետին, Չինաստանը կարեւոր գործընկեր է Հայաստանի համար, եւ կառավարութիւնը կ՛ողջունէ չինական լայնածաւալ ներդրումներու ներգրաւումը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ:


