Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հոմսի մօտ գրաւուած զէնք փոխադրող ինքնաշարժը կու գար հիւսիսային Լիբանանէն:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ հաստատած են, որ Լիբանանի դրամատուները թիրախ պիտի չդառնան:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն մեկնեցաւ Տուպայ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքին անցագիրին մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներ այցելութեան արտօնագիրը սառեցնելու ոչ մէկ փորձ ի գործ կը դրուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Էլի Աուն շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած են:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղած է օգտագործելու բնական կազի այն հանքերը, որոնք կը գտնուին լիբանանեան ջուրերուն մէջ եւ ոչ թէ այն շրջանին մէջ, որուն շուրջ տարակարծութիւն կայ:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի յայտնեց, որ ամերիկեան ծրագիրները կ՛ենթադրեն, որ զանոնք դիմակալողները ըլլան կատարեալ զգաստութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ օժտուած անձնաւորութիւններ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ամէնէն աւելի վնաս հասցուցած է քրիստոնեաներուն` ընդգծելով, որ Ժահժահի կեցուածքները կը հակադրուին Վատիկանի եւ եկեղեցւոյ տեսակէտներուն:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգ է, որ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները որդեգրեն ընտրական այնպիսի ծրագիր մը, որ չի յարմարիր իր կացութեան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կայ յստակ մտահոգութիւն, որ Սուրիոյ դէպքերը իրենց արտացոլումը ունենան Լիբանանի վրայ` նկատի ունենալով Աքքարի մօտակայքը արձանագրուող ապահովական զարգացումները:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին 68 յանցագործներ, որոնք զանազան ոճրային արարքներ գործած են երկրին տարածքին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քարամ Քարամ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութիւնը հովուապետական բնոյթ ունի: Քարամ աւելցուց, որ Ռայի պատրիարքը ոչ մէկ պատասխանատուի հետ պահանջած է հանդիպում ունենալ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլի Ֆըրզլի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը դէմ է Իսրայէլի գործադրած այն քաղաքականութեան, որ կը միտի ամբողջ շրջանը քայքայել:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպացի դիւանագէտներէ, շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը միտի Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի պաշտօնին համար զօրակցիլ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոսի թեկնածութեան:

 

 

 

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ ԵՒՐՈՊԱ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՈՒՂԻ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԻ

Յաջորդը

ԺԱՀԺԱՀ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄԶՆ ՈՒ ՖԼԵՉԸՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.