Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Երեսուներեքերորդ Տարելիցը Մարսէյի Մէջ

August 18, 2016
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

IMG_0026

Երէկուան պէս կը յիշեմ, որ 33 տարի առաջ հարիւրաւոր հայրենասէր ազգակիցներ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին եւ անոր Ժան Կուժոն թաղը եկած էին` յարգելու Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը գրաւած հինգ հերոս նահատակներուն յիշատակը:

Ներկաներուն բաժնուած թռուցիկին վրայ դրոշմուած էին Լիզպոնի հերոսներուն նկարներն ու անունները` ֆրանսերէն հետեւեալ պատգամով.  «Թող այս դէմքերը քանդակուին ձեր յիշողութեանը մէջ»:

Գուցէ շատերը յիշեն, թէ ո՛ւր, եւ ի՛նչ կ՛ընէին այն պահուն, որ իմացան Լիզպոնի հերոսական գործողութեան մասին: Այն ատեն դժուար էր հաւատալ, թէ այդ դէմքերն ու անունները պիտի մնային հայոց յիշողութեանը մէջ, եւ ամէն տարի աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ տարելիցի հոգեհանգիստ եւ յուշահանդէսներ տեղի պիտի ունենային:

Կիրակի, 24 օգոստոսին, Մարսէյի Պուլվար Օտտոյի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին կանուխէն լեցուած էր հաւատացեալներով: Շատեր յատկապէս եկած էին հինգ հերոսներուն անմար յիշատակին ներկայ գտնուելու:

Պատարագեց եւ քարոզեց Խաչատուր Ա. քհնյ. Պօղոսեան: Բոլորը հաղորդուեցան մատղաշ տարիքին նահատակուած հինգ երիտասարդներուն հայութեան ու նոր սերունդներուն կտակած պատգամով: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` նախագահութեամբ Վարդավառ Ա. քհնյ. Գասպարեանի: Սեղանին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակ եւ նահատակ ննջեցեալներուն մեծադիր պատկերները:

Պատարագէն ետք Մարսէյի Պոմոն թաղամասի ՀՅԴ կոմիտէութեան ակումբի շրջափակին Լիզպոնի հինգ նահատակներուն յուշադամբանին շուրջ տեղի ունեցաւ աղօթք, հոգեհանգիստ եւ յուշահանդէս:

Օրուան բանախօս Հրաչ Վարժապետեան կուռ եւ հոգեպնդիչ, տպաւորիչ ճառ մը արտասանեց` յիշելով, որ Լիզպոնի հինգ հաւատաւոր երիտասարդները իրենց մատղաշ տարիքին գացին գրաւելու Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը եւ աշխարհին յիշեցնելու հայկական մոռացութեան տրուած Դատին արդար լուծման անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, թէ միայն Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյն սիրոյն մաքուր եւ օրինակելի կեանք ապրած եւ նահատակուածները չեն սուրբ, մեզի համար սուրբ են նաեւ ազգին եւ հայրենիքին նուիրեալ նահատակները:Լիզպոնի հինգ հերոսները հայոց ազգային սուրբերն են, եւ անոնց Պուրճ Համուտի գերեզմանատան դամբարանը ուխտատեղի եղած է հայութեան համար:

Ան Երեւանի մէջ յուլիս 17-ին սկիզբ առած շարունակուող շարժման պատճառած ցնցումին ակնարկելով` մաղթեց, որ հայրենիքին մէջ նոր զոհեր եւ վիրաւորներ չըլլան, եւ կեցցէ մեր անկախ, յաւիտենական Հայաստանը:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Պէյրութը, Հալէպը Եւ Երեւանի Մէջ «Հնչող Քննադատութիւնը»

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.