Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՈՐԵՒԷ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԱՐԱԳԱՑՆԷ ՄԵՐ ԿՈՂՄԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

September 27, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան` իր ելոյթին ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցնող շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու  մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն կողմէ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր ընդունելութեան ժամանակ յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի որեւէ արկածախնդրութիւն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրէն դուրս իրականացուած գործողութիւն պիտի արագացնէ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը:

«Այն փաստը, որ տարիներու ընթացքին Հայաստան տակաւին չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, կը բացատրուի անով, որ Հայաստան փորձած է արդիւնք ձեռք ձգել բանակցութիւններու միջոցով», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ Արցախը արդէն 20 տարիէ ի վեր կը վայելէ իր անկախութիւնը եւ չի կրնար լուծման իբրեւ արդիւնք աւելի ցած կարգավիճակ ունենալ, քան այն, ինչ որ ունի արդէն եւ ինչ որ վաստկած է իր զաւակներուն արիւնով: Ղարաբաղի անկախութիւնը, անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը որեւէ պարագայի չեն կրնար հարցականի տակ դրուիլ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան վստահեցուց, որ Հայաստանի նպատակը եղած է եւ կը մնայ հասնիլ Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման, ներառեալ` Ազրպէյճանի կողմէ  ճանաչման: Ըստ անոր, կը բացառուին միակողմանի զիջումները:

«Եղած ենք եւ կը մնանք համոզուած. լուծման ընթացքին իրական արդիւնք արձանագրելու համար անհրաժեշտ են քայլեր եւ գործողութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն տագնապի կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման: Քանի տակաւին Ազրպէյճան չէ դադրեցուցած ուժի սպառնալիքի կիրարկումը, քանի տակաւին Ազրպէյճանի մէջ առկայ է հայատեացութեան մթնոլորտը, զոր այսօր ունինք, շատ բարդ պիտի ըլլայ իրական յառաջընթացի մասին խօսիլը», յայտարարեց նախագահ Սարգսեան:

Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մասին` նախագահ Սարգսեան մասնաւորաբար շեշտեց, որ արձանագրութիւնները անվաւեր կը մնան, Հայաստան-Թուրքիա սահմանը փակ կը մնայ, Թուրքիոյ թշնամական գործողութիւնները Հայաստանի նկատմամբ կը շարունակուին, սակայն, եթէ Թուրքիոյ իսկական դէմքը յայտնի էր հայուն , աշխարհի որ ծայրը որ ան գտնուէր, այժմ, նշեալ հոլովոյթին իբրեւ արդիւնք, Թուրքիոյ դէմքը բացայայտուեցաւ նաեւ աշխարհին համար:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Լոս Անճելոս մեկնեցաւ:

Հանրապետութեան նախագահ Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող կոթողին եւ ծառ տնկեց յիշատակի պուրակին մէջ:

Յաջորդ օրը նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Հայաստանի կեդրոնական դրամատան եւ Հայաստանի դրամատուներու ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած տնտեսական համաժողովի բացման, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ գործարար համայնքի ներկայացուցիչները: Համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց սփիւռքի ներուժի լիարժէք օգտագործումը` ի նպաստ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, Հայաստանի անկախացումէն ի վեր եղած են թէ՛ ձեռքբերումներ, թէ՛ բացթողումներ: Ըստ Հանրապետութեան ղեկավարին, խօսիլ միայն բացթողումներուն մասին, կը նշանակէ պատասխանատուութիւնը սեփական ուսերէն ձգել ուրիշի ուսերուն վրայ: Լոս Անճելըսի մէջ Սրբոց Ղեւոնդեանց նորակառոյց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ պատարագին, որ մատուցուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նոյն թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ:

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ յարակից առաջնորդարանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ուր նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափին վրայ բնակող հայազգի բարերարներուն հետ: Նոյն օրը նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ «Ամերիա» խումբի ներկայացուցչութեան բացման արարողութեան:

Նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Լոս Անճելըսի մէջ նախագահ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան նոր շէնքի բացման արարողութեան:

25 սեպտեմբերի երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած տօնական ընդունելութեան: Իսկ մինչ այդ նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ օփերայի աշխարհահռչակ երգիչ Փլասիտօ Տոմինկոյի հետ:

 

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Յաջորդը

ԼՈՒՐԵՐ` ՀԱՅՐԵՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԷՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.