Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

September 27, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն

Երէկ առաւօտեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Դեսպանը նախ շնորհաւորեց ներկայ գտնուողները Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով` մասնաւորապէս նշելով, որ Հայաստանի անկախութիւնը բոլոր հայերուն հպարտութիւնն ու զէնքն է, եւ 21 սեպտեմբերը դարձաւ հայերու երազանքներուն իրականացման օրը:

«Իրօք, իւրաքանչիւրիս համար ասիկա մեծ տօն է, եւ իւրաքանչիւրս օտար ափերուն մէջ կը տօնենք, կը շարունակենք այն ձեռնարկները, որոնք նուիրուած են մեր անկախութեան 20-ամեակին», ըսաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը:

Ներկաներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հայերուն իր բարեմաղթանքները յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ նախ կարեւոր նկատեց դեսպանատան դերը` զայն նկատելով բոլորին տունը: Այնուհետեւ վեհափառը անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած հանդիսութիւններուն, որոնք համայն հայութեան սրտերը համակեցին ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ:

«Եւ տեսանք, վկայեցինք եւ պիտի վկայենք, թէ Հայաստանը հզօրացման ընթացքի մէջ է: 20 տարիները կ՛ենթադրեն կարճ ժամանակաշրջան, բայց կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին Հայաստանի մէջ իրագործումներ տեղի ունեցան: Ճիշդ է, թերութիւններ եղան, թերութիւններ կան, սակայն Հայաստան դէպի վեր ընթացող վիճակ մը կը պարզէ այսօր, եւ ոչ թէ դէպի նահանջ ընթացող վիճակ: Եւ ճիշդ անոր համար է, որ ուրախ ենք, եւ այդ ուրախութիւնը մենք արտայայտեցինք թէ՛ անձնական մտերմական խօսակցութեան ընթացքին Հայաստանի վսեմաշուք նախագահին, պետական պատասխանատուներուն հետ, եւ թէ՛ հրապարակային կերպով մեր բոլոր ելոյթներուն ընթացքին», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս` ընդգծելով համահայկական գաղափարախօսութեան արմատաւորումը կեանքին մէջ, հայ եկեղեցւոյ յուշարար եւ պայքարի առաջին գիծին վրայ ըլլալու հանգամանքը` ի խնդիր ժողովուրդի անկախութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ ձեռք բերման:

«Աւարայրի դաշտ գնաց, Սարդարապատ գնաց մեր եկեղեցին, եւ մեր պատմութեան բոլոր Աւարայրներուն, բոլոր Սարդարապատներուն մէջ մեր եկեղեցին եղաւ մնայուն ներկայութիւն` ի խնդիր ժողովուրդի ու ազգի, մեր հայրենիքի անկախութեան գերագոյն արժէքներու պահպանման, եւ այսօր նոյնը պէտք է ըլլայ մեր եկեղեցին` ազատութեան, անկախութեան, մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան կողքին: Եւ վերջապէս, մեր հրապարակային արտայայտութիւններուն ընթացքին ըսինք, որ Հայաստանը ահաւասիկ մենք դարձեալ ունեցանք ազատ եւ անկախ, սակայն չի բաւեր անկախութիւն ունենալ, շատ աւելի դժուար է անկախութիւնը պահելը, ամրապնդելը, եւ սա մեր բոլորիս մարտահրաւէրն է: Պէտք է անկախութիւնը այնպիսի ձեւով ամրապնդել, որուն դիմաց մեր թշնամիներուն կողմէ տեսակ-տեսակ փորձեր պէտք է ձախողին: Եւ այսօր մենք հպարտութեամբ դիտեցինք Հայաստանի մարտունակ բանակը», ներկաներուն ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որուն այցելութեան առիթով դեսպանը նուիրեց հայ ճարտարապետութեան եւ բնաշխարհին մասին գիրքեր:

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆ ՈՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԴԱՐՁԱՆ ՄԸՍԱՅԼԵՀԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԵՐԸ

Յաջորդը

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՈՐԵՒԷ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ԱՐԱԳԱՑՆԷ ՄԵՐ ԿՈՂՄԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.