Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեղծուածներ Հայկական Բարձրաւանդակին Վրայ

August 15, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Կարմիր բլուրին վրայ յայտնաբերուած քարի նմուշ մը, 10 հազար տարուան
Կարմիր բլուրին վրայ յայտնաբերուած քարի նմուշ մը, 10 հազար տարուան

Մինչեւ անցնող դարաշրջանի երկրորդ կէսը, հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը եւ կամ քաղաքակրթութեան բնօրրանը կը տեղադրուէր տարբեր վայրեր, որոնց շարքին`  Պալքանեան թերակղզին կամ Մեզոփոթամիան (Միջագետք, «Ա.»): Հայկական Բարձրաւանդակի մասին խօսք չկար:

Սակայն քսաներորդ դարու  եօթանասունականներուն ռուս երկու ականաւոր գիտնականներ` Կամկրելիծէ եւ Իւանով, հիմնուելով լեզուաբանական ճշգրիտ տուալներու վրայ, ձեւաւորեցին նոր վարկած մը, որուն համաձայն, հնդեւրոպական ժողովուրդներու նախահայրենիքը պէտք էր որ ըլլար Հայկական Բարձրաւանդակը: Ասկէ կրնայինք հետեւցնել, որ հայ ժողովուրդը բնիկ է, եւ ոչ թէ` եկուոր: Այնուհետեւ, Ռաֆայէլ Իշխանեան եւ տարբեր մասնագիտութեան տէր կարգ մը այլ գիտնականներ զարգացուցին եւ նոր ապացոյցներով համալրեցին նոր վարկածը եւ  առաջարկեցին, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ  հայ ժողովուրդի եկուոր ըլլալու տեսութեան կողքին, աշակերտներուն դասաւանդուի նաեւ բնիկ ըլլալու տեսութիւնը, իբրեւ` հնարաւոր երկրորդ  վարկած: Թէեւ մերժուեցաւ այս առաջարկը, սակայն նոր վարկածով սկսան հետաքրքրուիլ նաեւ այլ բանասէրներ, որոնց շարքին նաեւ` օտարներ, որոնք առհասարակ մարդկային քաղաքակրթութեան բնօրրանը սկսան տեղադրել Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ:

Որոտանի կիրճին մէջ հնավայրէն անկիւն մը
Որոտանի կիրճին մէջ հնավայրէն անկիւն մը

Մենք մեր հերթին Ռաֆայէլ Իշխանեանի թելադրանքով եւ անոր տուած ցուցմունքներուն հիման վրայ ուսումնասիրեցինք Գեղամայ լեռներու եւ Ուխտասարի ժայռապատկերներու  խորհրդանշանները եւ բացայայտեցինք, որ անոնք հազարաւոր տարիներու ընթացքին եղափոխուելով ու զարգանալով` հասած են մինչեւ մեր օրերը: Թէեւ դարերու ընթացքին անոնց իմաստն ու բովանդակութիւնը փոփոխուած են (երբեմն նոյնիսկ` մոռցուած), սակայն ձեւութային առումով անոնք մնացած են գրեթէ նոյնը: Ու ամենակարեւորը, երբեմն ընդհատուած ըլլալով հանդերձ, անոնց շղթան չէ կտրուած: Այս մէկը կ՛ապացուցէ, որ նախնադարէն ի վեր  մշակութային նոյն յատկանիշները կրող ժողովուրդ մը կը շարունակէ գոյատեւել նոյն տարածքին` Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ: Այսինքն հայ ժողովուրդը բնի՛կ է, ոչ թէ` եկուոր:

Ուխտասար - Ադամ եւ Եւա - ժայռապատկերի հնութիւնը 7000 տարուան
Ուխտասար – Ադամ եւ Եւա – ժայռապատկերի հնութիւնը 7000 տարուան

Մեր օրերուն օտար բազմաթիւ պատմաբաններ, հնագէտներ եւ յարակից այլ գիտնականներ  հետաքրքրուած են Հայկական Բարձրաւանդակի նախաքրիստոնէական եւ յատկապէս նախնադարեան մշակոյթով: Հնագիտական պեղումներու եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ գիտնականներէն շատեր սկսած են հաւատալ, որ իրօ՛ք գոյութիւն ունին տրամաբանական տուեալներ եւ իրեղէն ապացոյցներ,  որոնք  հնարաւորութիւն կու տան քաղաքակրթութեան կեդրոնը տեղադրելու  Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ: Ինչպէս Պորտասարի եւ կամ Արենի քարայրի պեղումներու արդիւնքներն են: Այսօր կարգ մը գիտնականներ կը հաւատան, որ Սիւնիքի տարածաշրջանը, յատկապէս Քարահունչի շրջակայքը օժտուած է տիեզերական կենսաուժերու առկայութեամբ, որ իր հերթին հնարաւոր է, որ նպաստած ըլլայ նոյն տարածքին վրայ նախնադարեան մշակոյթի մը կազմաւորման ու զարգացման:

Քարահունչ - Զօրաց քարեր
Քարահունչ – Զօրաց քարեր

Թուենք կարգ մը գիտնականներու անուններ, որոնք այցելած են Հայաստան եւ իրագործած` որոշ ուսումնասիրութիւններ, որոնց հիման վրայ հակամէտ են հաւատալու, որ Հայկական Բարձրաւանդակը հարուստ է նախնադարեան բարձրորակ այնպիսի մշակոյթով, որ քաղաքակրթութեան օրրան ըլլալու ուժը կրնայ պարունակել իր մէջ:

Ռուսական տիեզերական  մարդաբանութեան բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէն Ալեքսանդր Տրոֆիմով: Սկովտիացի հնագէտ, պատմաբան Կրեհեմ Հենկոք եւ լուսանկարիչ լրագրող Սանթա Ֆայա, Մոսկուայէն եւ Փեթերսպուրկէն խումբ մը գիտնականներ, ղեկավարութեամբ Վիթալի Փովդիսեւի, յատուկ արշաւախումբ մը կազմեցին` ղեկավարութեամբ հնագէտ պատմաբան Էմմանուէլ Անատիի:

Քարահունչի աստղադիտարանի չափումներէն
Քարահունչի աստղադիտարանի չափումներէն

Յիշեալ եւ այլ գիտնականներու այցը Հայաստան կազմակերպած են այս հարցով շահագրգռուած շարք մը մասնագէտներ` գլխաւորութեամբ Վազգէն Գէորգեանի: Անոր առաջնորդութեամբ մենք եւս այցելեցինք շարք մը հնավայրեր, ինչպէս` Դուինի մօտ յայտնաբերուած «բուրգ», Քարահունչի Զօրաց քարեր, Ուխտասար, Տաթեւի վանքն ու շրջակայքը եւ մանաւանդ` Որոտանի կիրճի նոր յայտնաբերուած հնավայրը:

Թէեւ մեր օրերուն Հայաստանի տարածքին որոշ կէտերու վրայ արդիւնաւէտ պեղումներ կը կատարուին, սակայն անհրաժեշտաբար հարկաւոր է պեղել նաեւ «բուրգ»-ի եւ կամ Որոտանի կիրճի նման հնավայրերը, որոնք իրենց բերած նորութիւններով վստահաբար պիտի հարստացնեն հայոց պատմութիւնն ու մշակութապէս արժեւորեն տարածաշրջանը: Այս մէկը ոչ միայն յաւելեալ փաստեր պիտի կուտակէ ի նպաստ  հայերու բնիկ ըլլալու տեսութեան, այլ նաեւ անուղղակիօրէն պիտի նպաստէ  հայրենի տնտեսական վերելքին ու վարկի բարձրացման:

Այս առումով, մեր ընթերցողներուն հետաքրքրական ու շահեկան տեղեկութիւններ տալու համար պարբերաբար պիտի հրատարակենք Վազգէն Գէորգեանի հետ կայացած հարցազրոյցներ եւ յօդուածներ` համապատասխան լուսանկարներու ընկերակցութեամբ:

 

Նախորդը

Դուինում Յայտնաբերուած Բուրգը` Ծածկուած Հաստ Հողաշերտով, Դեռ Բացուելու Է Եւ Բացելու Իր Գաղտնիքները

Յաջորդը

«Դիտակ»-ի Հրատարակութիւնը, Զոհողութիւն Կը Պահանջէր Եւ Մեծ Պատասխանատուութիւն Էր «Ազդակ»-Ին Ըսաւ Սեմ Րագուպեան

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.