Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
«Դիտակ» պարբերաթերթը սկսած է հրատարակուիլ 1996 մայիսէն. 2000-էն ետք եղած է երկամսեայ: Սեփականատէրն ու խմբագրապետն էր Սեմ Րագուպեան: Կը բովանդակէ Հայաստանէն եւ սփիւռքի գաղութներէն ազգային, հասարակական, ընկերային, բժշկական, մարզական լուրեր ու յօդուածներ:
«Դիտակ»-ի 103-րդ թիւով յայտարարուեցաւ անոր գործունէութեան դադրեցման մասին: «Ազդակ» այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցաւ Սեմ Րագուպեանին հետ` մօտէն ծանօթանալու համար թերթի պատմական տուեալներուն, անցած ուղիին, դժուարութիւններուն եւ յատկապէս պարբերաթերթի հրատարակութեան դադրեցման պատճառներուն:
«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` խօսինք «Դիտակ»-ի պատմականին մասին: Ինչպէ՞ս «Դիտակ» անուանած էք թերթը եւ ի՞նչ նպատակով սկսած էք հրատարակել զայն:
ՍԵՄ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ.- 1960-ական թուականներէն հրապարակի վրայ էր «Նոր Կեանք» ամսագիրը: 1992-ին, երբ խմբագիրը` Մանուէլ Գազանճեան, դիմեց ինծի, որ վերսկսինք ամսագիրի հրատարակութեան, ես առաջարկեցի բարեփոխութեան ենթարկել եւ թարմացնել զայն նոր ոճով, նոր բովանդակութեամբ: Այդ տարիներուն «Նոր Կեանք»-ը իր փոքր ծաւալով մեծ արձագանգ ձգած էր: Մինչեւ 1996 մեծ խանդավառութեամբ աշխատեցանք, անկէ ետք որոշեցի անջատ աշխատիլ` տարբեր պատճառներով: Ճիշդ այդ շրջանին մեծ բանաստեղծ Սիլվա Կապուտիկեան իմ հիւրս էր: Ան քաջալերեց եւ առաջարկեց «Դիտակ» անունը տամ նոր հրատարակելիք պարբերաթերթիս: Այդպէս ալ ըրի:
1996-էն մինչեւ 2016, այսինքն 20 տարի հրապարակեցինք «Դիտակ»-ը` միշտ զարգացած, բարձր որակով եւ լուրջ յօդուածներով: Կը յիշեմ` այն օրերուն ուսումնասիրեցինք տեղական եւ օտար բոլոր ամսագիրները, որոնք մեծ թիւով ընթերցողներ ունէին, եւ փորձեցինք նմանօրինակը հրատարակել հայերէնով:
Վերջին թիւերով խօսած եմ արմատներուս մասին: Մեծ հօրս հօրեղբօր որդին` Ռուբէն Րագուպեան 1909-ին Ամերիկայի մէջ բարձրագոյն ուսում (փիլիսոփայութեան դոկտոր) ստանալէն ետք կը վերադառնայ Սեբաստիա: Այն օրերուն ան շատ հետաքրքրական յօդուածներ ստորագրած է Նիւ Եորքի «Կոչնակ» թերթին մէջ: Հազիւ քանի մը տարի իր հայրենիքին ծառայելէն ետք, 1915-ին գլխատուած է քանի մը մտաւորականներու հետ: Իսկ հայրս մեր ընտանիքին մէջ հրաշքով փրկուած միակ հայ փոքրիկն էր, որ մինչեւ իր երիտասարդութիւնը արաբներուն քով հովիւ եղած է` ողջ մնալու գինը վճարելով առանց տաճկանալու: Երիտասարդութեան յաջողած է փախչիլ, ապա հայերէն սորված եւ ինքնաշխատութեամբ գրած է հինգ հատոր գիրք: Այս բոլորը չէին կրնար չմղել զիս գրելու կամ գրականութեամբ զբաղելու: Յայտնեմ նաեւ, որ տիկինս` Լենան ալ մեծ դեր ունեցաւ, քաջալերեց, որ զբաղիմ մամուլով:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս ընթացած է «Դիտակ»-ի գործունէութիւնը: Ի՞նչ դժուարութիւններ խոչընդոտած են անոր աշխատանքը:
Ս. Ր.- «Դիտակ»-ի 20-ամեայ գործունէութեան ընթացքին մենք լոյս ընծայեցինք 103 թիւ, որոնցմէ ոմանք երբեմն մինչեւ 120-150 հասնող էջերով: Մեր հրատարակութիւնը` «Դիտակ»-ը, իր առատ յօդուածներով եւ քիչ ծանուցումներով կը տարբերէր միւսներէն: Ան կը բովանդակէ` ազգային մտահոգութիւններ եւ վերլուծումներ, շրջանային եւ միջազգային հարցեր, որոնք հայկական գաղութներուն վրայ անմիջական ազդեցութիւն ունին, տնտեսական, բժշկական, ընկերային եւ այլ նիւթեր, օրինակ` Հալէպի մասին գրեցինք հարցերը սկսելէն առաջ: Գաղութի ձեռնարկներէն քանի մը հատ ալ կը տեղադրէի ամէն թիւի մէջ, որ դուրս ապրող հայերը իմանան, թէ ի՛նչ մշակութային, գրական-գեղարուեստական ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան Լիբանանի մէջ:
«Դիտակ»-ի ամէնէն իւրայատուկ բաժիններէն էին հարցազրոյցները, զորս կը կատարէին մեր լրագրողները` այցելելով տարբեր երկիրներ, ինչպէս` Արժանթին, Գերմանիա եւ այլուր: Բաւական ծախսալից էին մեր հարցազրոյցները, բայց միաժամանակ` շատ ընտիր, որովհետեւ կ՛աշխատէինք ուղղակի աղբիւրներուն դիմելով ու կապեր հաստատելով:
Մեր հրատարակութեան բեղուն շրջանին յաճախ հիւրեր կը հրաւիրէինք սփիւռքի տարբեր հայկական գաղութներէն եւ հայրենիքէն, ինչպէս` Արամայիս Սահակեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Գէորգ Էմին, Սիլվա Կապուտիկեան եւ Ժաք Ս. Յակոբեան, որոնք շրջան մը մեզի հետ ալ գործակցած են:
Ինչ կը վերաբերի ծանուցումներու բաժինին, հայկական ծանուցումները շատ քիչ էին մեր հրատարակութեան մէջ: Հայ վաճառականներ կամ գործարարներ օտարամոլ միտքերով ու հայեացքներով յղփացած` ընդհանրապէս անտարբեր վերաբերմունք ունէին մեր թերթին նկատմամբ: «Դիտակ»-ով շատ աւելի հետաքրքրուած էին օտարներ եւ տեղացիներ, որոնք կը խորհէին, թէ հայկական պարբերաթերթի մը մէջ ծանուցումը դիւրաւ կրնայ հասնիլ հայ ընկերութիւններուն եւ հայ հասարակութեան: Կրնամ հաստատել, որ տեղական, ոչ հայկական ծանուցումները ոտքի պահեցին մեր թերթը: Քիչ պարագաներ եղան, երբ հայ գործարարներ իրենց ընկերութեան կամ արտադրութեան մասին ուզեցին ծանուցել մեր էջերով:
Մենք ոչ մէկ ներդրում ունեցած ենք հայ շրջանակներէն` որպէս քաջալերանք: Արաբական ծանուցումներէն շատ գոհ մնացած ենք: Արաբները կը վճարէին, հայերը կը կարդային: Ոչ հայ դրամատուները, վաճառատուները ու հաստատութիւնները ներդրում կ՛ունենային հայկական հասարակութեան հասնելու եւ հայ յաճախորդին ծանուցելու նպատակով:
Ըսեմ, որ նիւթականը մեզի համար խնդիր մը չէր: Հիմնական դժուարութիւնը հայ գործարարներուն անտարբերութիւնն էր, որ նեղացուցիչ էր ինծի համար: Անոնք հայկական թերթովս, որ մեծ վաճառատուներու մէջ անգամ կը տեսնես, ոչ ալ հետաքրքրուած էին: Միշտ ալ կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս հայ գործարարներուն համար տեղական եւ օտար մամուլին հետեւիլը աւելի կարեւոր է, քան հայկականին:
Ասոր դիմաց պէտք է նաեւ ըսել, որ 20-ամեայ գործունէութեան մէջ մենք ունեցանք նաեւ մեծ թիւով «Դիտակ»-ամոլներ, որոնք ոչ մէկ թիւ փախցուցած են եւ որոնցմով մենք իրապէս հպարտ եղած ենք: Թէեւ երեւելի անուններ կային մեզ քաջալերող, բայց եւ այնպէս կային գրական դէմքեր, հաստատութիւններ, որոնք դիւրաւ չմարսեցին այս նորութիւնը:
Բայց ժամանակի ընթացքին քննադատողներէն շատեր մոլի եղան «Դիտակ»-ին, ուրիշներ կամաւոր աշխատանք առաջարկեցին` սրբագրելու կամ բանով մը օգտակար դառնալու:
Մեր առաջին հոգեւոր տեսուչը հայր Վարդան Աշգարեանն էր: Գրական մակարդակին կը հսկէր Մարտիրոս Գուշակճեանը: Երկուքն ալ` մեծ դէմքեր, որոնք օգտակար դարձած են մեզի: Շատեր իրենց ներդրումը բերած են մեր պարբերաթերթին, ինչպէս` Վարուժան Թեմպելեան, Շահանդուխտ, Համբիկ Պիլալեան, Պետրոս Անսըրլեան եւ ուրիշներ:
Փաստօրէն արկածախնդրական էր ճանապարհը, մարտահրաւէր էր, որուն դիմաց հարկաւոր էր ըլլալ դիմացկուն, այդպէս ալ եղաւ:
«Ա.».- Պաշտօնապէս յայտարարա՞ծ էք պարբերաթերթի դադրեցման մասին:
Ս. Ր.- Այո՛, պաշտօնապէս յայտարարեցի «Դիտակ»-ի հրատարակութեան դադրելուն մասին: Ես` որպէս խմբագրապետ, տնօրէն ու համադրող, փաստօրէն յոգնեցայ աշխատանքէն: 25 տարի ծառայեցի հայ մամուլին, իւրայատուկ ոճով հայ ընթերցողին ներկայացուցի թերթս, որուն մէջ թուղթին, նկարին, էջին որակը եւ մաքրութիւնը ամէնէն կարեւոր բաներն էին: Բծախնդրութեամբ աշխատեցայ, որ ամէն գնով քայլ պահենք բարձր մակարդակներու հետ:
Ես ուրախ չեմ, որ դադրած է թերթին աշխատանքը, բայց իրօք յոգնութիւն է պարբերաթերթի հրատարակութիւնը, զոհողութիւն կը պահանջէ եւ մեծ պատասխանատուութիւն է:
Եթէ մէկը առաջարկէ, որ կ՛ուզէ ստանձնել թերթը ու վարել անոր խմբագրութիւնը, մենք ամէն ձեւով օգտակար կը դառնանք, նեցուկ կը կանգնինք եւ պէտք եղած ցուցմունքները կու տանք:
Կ՛ուզենք, որ «Դիտակ»-ը շարունակուի: Զայն ստանձնողը պէտք է յամառ ըլլայ եւ դիմացկուն: Երկուքն ալ ունէի, բայց յոգնեցայ, կ՛ուզեմ կեդրոնանալ սեփական գործիս վրայ:
«Ա.».- Որպէս գլխաւոր խմբագիր ու սեփականատէր` որքանո՞վ գոհ էք «Դիտակ»-ի անցած ուղիէն:
Ս. Ր.- Հակառակ յոգնութեանս ու հանգիստէս երկար ժամեր տրամադրելուս` պարբերաթերթի աշխատանքը շատ մեծ գոհացում կու տար ինծի: Ամէն անգամ որ նոր թիւ մը հրատարակուած կը տեսնէի, հոգեպէս կը հրճուէի: «Դիտակ»-ը հայ մամուլի պատմութեան մէջ յեղափոխութիւն մըն էր: Նման որակի եւ բովանդակութեամբ թերթ լիբանանեան հրապարակի վրայ չկար: Լիբանանէն դուրս ամէնէն աւելի «Դիտակ»-ը կը պահանջուէր սուրիահայ հասարակութենէն: Ըսեմ, որ հալէպահայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունած էր թերթը, բայց պատերազմէն ետք ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս սպառում չունեցանք: Լիբանանի մէջ ալ պահանջը նուազեցաւ զանազան պատճառներով, բայց մեզի համար այդ մէկը հարց չէր: Մենք արդէն համացանցի վրայ ենք, մեր բոլոր թիւերը, հին թէ նոր, համացանցէն կարելի է կարդալ: Մեզի համար կարեւորը ծախսը գոհացնող տեղեկատուութիւնն էր, որ կամաց-կամաց պակսեցաւ: Մեր ծանուցումներուն գինը, լիբանանեան տեղական ամսագիրներուն կամ պարբերաթերթերուն հետ բաղդատելով, շատ նպաստաւոր էր ու մատչելի: Նիւթական բաց չունեցանք ընդհանրապէս, եթէ պատահէր, որ ունենայինք, անձնապէս կը փակէի բոլոր ծախսերը: Գիտէք` անտարբերութեան երեւոյթը միայն հայկական չէ, երկրի մակարդակով կայ պաղութիւն մը, որուն պատճառով բնական է, որ ազդուի ամէն բան, որոնց մէջ նաեւ` «Դիտակ»-ը: