Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻՊԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊ. ՔԱԹԱՐ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՍՏԵՂԾԵԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

September 27, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Փարիզի մէջ, օգոստոսին, երբ ողջունեց Լիպիոյ հարցով վեհաժողովին մասնակցող զանազան երկիրներու ղեկավարները, անոնց մէջէն ղեկավար մը, որ դուրս եկաւ իր լիմուզինէն, հաւանաբար քիչ մը նուազ ճանչցուած էր, քան միւսները:

Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ-Սանի մօտեցաւ բեմին` կանգնելու համար նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի կողքին. ապա սկսան բանակցութիւնները:

Ծոցի փոքր պետութեան դրամատան յատկացումները Լիպիոյ ըմբոստներուն` իր ղեկավարին շնորհած է առաջին կարգի աթոռ մը միջազգային քաղաքականութեան մէջ:

Արաբական ապստամբութիւնը սկսած է փոխել շրջանի քաղաքական քարտէսը եւ այդ հոլովոյթին մէջ Քաթար կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ:

ՓՈՔՐԱԹԻՒ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ

Քաթարի իշխանին նկարը` Պենկազիի մէջ:

Քաթարի բնակչութեան թիւը նուազ քան 2 միլիոն է, որուն 250 հազարը միայն քաթարցի է, մնացեալը` օտար աշխատաւորներ: Սակայն բնական կազի հսկայ պաշարները Քաթարի ժողովուրդը աշխարհի ամէնէն հարուստը դարձուցած են:

Աննախընթաց խռովութեանց ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ շրջանային աւանդական ղեկավարները, ինչպէս` Եգիպտոսի մէջ, զբաղած են իրենց սեփական խնդիրներով, այդ հարստութիւնը կ՛օգտագործուի փորձելով ստեղծել Քաթարի համար նոր ուղի մը` իբրեւ շրջանային քաղաքական ծանրակշիռ ուժի, դերակատարի:

Բայց Քաթար ժողովրդավարութիւն մը չէ: Կրնայ թուիլ, թէ ան իր միապետական վարչաձեւով, կը հակադրուի կամ դէմ է շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական փոփոխութիւններուն, բայց որոշ մասնագէտներ կը կարծեն, որ ատիկա իրականութեան մէջ Քաթարին կ՛օգնէ աւելի արագ որոշումներ տալու:

«Գագաթին կայ էմիրը, բայց ան ընդհանրապէս յարգուած է եւ այս երկրին մէջ իրական օրինականութիւն ունի», կ՛ըսէ Տէյվիտ Ռոպերց` Բրիտանիոյ «Արքայական միացեալ սպասարկութիւններ» հիմնարկէն: Ան աւելցուց. «Ասիկա բաւական պահպանողական է, ուրեմն` հասարակական յարգանքի ձեւ մը»:

ԸՄԲՈՍՏ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌ

Քաթարի աջակցութիւնը ըմբոստներուն լայն տարածում ունի եւ չի սահմանափակուիր միայն գետնի վրայ կռիւին ֆինանսաւորումով:

Քաթար կը ֆինանսաւորէ «Լիպիա Թի. Վի.»ն

Ան նաեւ գումար կը յատկացնէ այնպիսի ծրագիրներու, ինչպիսին է «Լիպիա Թի. Վի.»ին, որ պատկերասփիւռի կայան մըն է, հիմնուած` դիմակայելու համար իշխանամէտ (Քազզաֆիի կողմնակից) քարոզչական մեքենան: Կայանին պատկերասփռումը միայն հինգ օրուան մէջ սկսաւ, առանց փորձառական շրջանի: Տասնեակներով լիպիացի լրագրողներ եւ ոչ լրագրողներ կայծակնային արագութեամբ անդամագրուեցան եւ մարզուեցան:

Անոնց շարքին է 26-ամեայ Եուսրա Թեքպալին: Ան ծնած եւ մեծցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անցեալ դեկտեմբերին Թրիփոլի վերադարձաւ: Բայց երբ վայրագութիւնները սկսան, անոր ծրագիրները պէտք էր փոխուէին:

Ամիս մը առաջ ան Տոհա ժամանեց «Լիպիա Թի. Վի.»ին համար իբրեւ պլոքըր աշխատելու: Եւ հակառակ ուղղութեան փոփոխութեան` ան կը մնայ դրական եւ խանդավառ:

«Լիպիան զիս հրապուրեց աւելի մեծ տնտեսական հնարաւորութիւններով, ինչպէս նաեւ` իմ արմատներուս կապով,- կ՛ըսէ ան:- Բայց հիմա լիպիացիներուն եւ արտերկրէն երիտասարդ լիպիացիներուն համար հնարաւորութիւնները հրաշալի, զարմանալի կշռոյթով պիտի աճին: Եւ անշուշտ այդ հոլովոյթին մէջ Քաթար դերակատար պիտի ըլլայ»:

Հակառակ անոր որ Քաթար կ՛ըսէ, թէ ինք սոսկ շահագրգռուած էր Լիպիոյ ժողովուրդին բարօրութեամբ, կ՛ակնկալուի, որ ըմբոստներուն յատկացուցած Քաթարի օժանդակութիւնը ժամանակի ընթացքին տնտեսապէս նաեւ փոխհատուցուի:

Քաթար արդէն օգնած է ըմբոստներուն` Լիպիոյ քարիւղի վաճառքին դիւրացումով, կ՛ակնկալուի, որ այդ յարաբերութիւնը շարունակուի:

Հեղուկի վերածուած բնական կազի աշխարհի մեծագոյն արտադրիչին` Քաթարի համար մեծ կարելիութիւն կայ աշխատելու` Լիպիոյ հետ հետախուզելու համար վերջինին հանքերը:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ

Լիպիական հակամարտութեան մէջ Քաթարի դերը անոր դիմագիծը լուսարձակի տակ առած է, արժեւորած է: Եւ ըստ որոշ մասնագէտներու, ճիշդ ատիկա կը ցանկար Քաթար, որ իբրեւ Ծոցի պետութիւն մը` կը փորձէ բարձր կանգնիլ:

«Ասոնք բոլորովին նոր երկիրներ են, 1970-ական թուականներէն,- կ՛ըսէ Մեհրան Քամրաւա, որ Քաթարի մէջ Ճորճթաուն համալսարանի Միջազգային եւ շրջանային ուսումնասիրութեանց կեդրոնին տնօրէնն է:-   Անոնք խելացնոր կերպով կը փորձեն հասնելու, բռնելու խաղը, խելացնոր կերպով կը փորձեն համաշխարհային ներկայութիւն ըլլալ: Անոնք կը փորձեն մրցիլ հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող Եգիպտոսի նման երկիրներու հետ, կը մրցին Սէուտական Արաբիոյ հետ, կը մրցին Իրանի հետ, որ հսկայական հարստութիւն, զանգուածային ժողովրդագրութիւն եւ աշխարհագրութիւն ունի»:

Այս դիրքորոշումը երկրին մէջ լաւ ընդունելութիւն ունեցած է:

Շրջանի մը մէջ, որ վարժ է օտար միջամտութեան, արաբական երկրի մը կողմէ ղեկավարի, առաջնորդողի դերի ստանձնումը կը նկատուի իբրեւ ողջունելի քայլ մը, որ նաեւ կ՛ապահովէ ե՛ւ քաղաքական անվտանգութիւն, ե՛ւ տնտեսական կայունութիւն:

«Ասիկա դուռը բաւական լայն կը բանայ Քաթարի համար, որպէսզի առնէ ղեկավարութեան դերը եւ դերակատարութիւն ունենայ 21-րդ դարու արաբական վերածնունդին մէջ», կ՛ըսէ Իպրահիմ Շարքիյէ, որ Պրուքինկզ Տոհա կեդրոնի փոխ տնօրէնն է:

«Միջազգային ասպարէզին մէջ, այս պահուն այդպիսի գործօն  դերակատարութիւն ունենալով եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը ստանձնելով` Քաթար կը պահպանէ իր հարստութիւնը եւ կը պահպանէ իր գոյութիւնը», աւելցուց ան:

ՔԷՅԹԻ ՈՒԱՑԸՆ

«Պի. Պի. Սի.»

 

Նախորդը

ԱՐԺԱՆԹԻՆ ԿԸ ՆՇԷ «ՄԱՏԻՏՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ»Ը

Յաջորդը

ՏԱՐԲԵՐ ԲՆՈՅԹԻ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ԼՕԽ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։