Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սահակեանը Ծանօթացած Է Թալիշցիներու Համար Բնակարաններու Կառուցման Ընթացքին

August 12, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pago-Mardakerd_81216

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 30 յուլիսին այցելած է Մարտակերտի շրջան:

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան, նախագահ Բակօ Սահակեան ծանօթացած է շրջանին մէջ իրականացուող ճամբաներու եւ ջրելեկտրակայաններու շինարարական աշխատանքներուն:

Նախագահ Սահակեան այցելած է նաեւ Ալաշան տեղամաս եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած 2-էն 5 ապրիլին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին պատճառով իրենց տուները լքած թալիշցիներուն համար բնակարաններու կառուցման աշխատանքներուն: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ պետութիւնը ամէն ջանք պիտի թափէ պատերազմին հետեւանքները վերացնելու համար:

Այնուհետեւ Պօղոսագոմեր գիւղին մէջ նախագահ Սահակեան համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է բնակավայրի կենսագործունէութեան առնչուող հարցերուն:

Նոյն օրը Վանք գիւղին մէջ նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրած է խորհրդակցութեան` Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի եւ համայնքներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:

Քննարկուած են Մարտակերտի շրջանի եւ համայնքներու ընկերային-տնտեսական զարգացման, առկայ խնդիրներուն ու հեռանկարային ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքահաւաքին:

Նախագահ Սահակեան յատուկ յանձնարարականներ տուած է քննարկուած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ` ընդգծելով, որ այսուհետեւ անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել, որպէսզի շրջանի գիւղատնտեսութեան մարզը զարգանայ բարձր եւ կայուն թափով:

Նախագահին կ՛ընկերակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգը
Ներկայացուած Է Նախագահ Բակօ Սահակեանին

Ashod-Ghoulian_81216

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ 30 յուլիսին տեղի ունեցած է սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի հերթական նիստը:

Ըստ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, ամփոփելով հանրային քննարկումներուն արդիւնքները` յանձնախումբի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ քննարկումներուն ընթացքին ներկայացուած կարծիքներն ու գաղափարները օգտակար ու հետաքրքրական էին եւ նպաստած են յանձնախումբի ամփոփիչ եզրակացութիւններու ձեւաւորումին:

Մասնագիտական յանձնախումբը միաձայնութեամբ հաստատած է սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը, որ հանրապետութեան նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի գործունէութեան կարգին համաձայն ներկայացուած է Ղարաբաղի նախագահին հաւանութեան:

Հայեցակարգին հաւանութեան արժանանալէն ետք մասնագիտական յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները` սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի մշակման ուղղութեամբ:

Նախորդը

Հայաստանի Բոյրը. Լաւաշ

Յաջորդը

Մենք եւ ռուսները

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.