Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիա Եւ Թուրքիա Շահագրգռուած Են Լիարժէք Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Վերականգնումով» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

August 11, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Matvyenko_81016

«Լենթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յաջող բանակցութիւնները, հանդիպումին տնտեսական մարզի նախարարներու, ռազմական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը կը վկայէ, որ երկու երկիրները շահագրգռուած են լիարժէք երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերականգնումով:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու պետութիւնները` յիշելով նոյեմբեր 2015-ին վար առնուած ռուսական օդանաւի ողբերգութենէն քաղուած դասերը, պիտի կարենան փուլ առ փուլ վերադառնալ յարաբերութիւններու եւ վստահութեան բարձր մակարդակի:

Ըստ Մաթվիենքոյի, անվտանգութեան տեսանկիւնէն Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ տիրող կացութիւնը ցոյց կու տայ, որ գոյութիւն չունի այլ տարբերակ, քան ջանքերու միաւորումը:

«Կը կարծեմ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը կրնան կարեւոր աւանդ ներդնել ոչ միայն շրջանային հարցերու լուծման մէջ, այլ նաեւ համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման ծիրին մէջ», ընդգծած է Մաթվիենքօ:

Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Մինա Անտրէյեւա երէկ յայտարարած է, որ Փութին-Էրտողան հանդիպումը կը նպաստէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման:

«Ատիկա երկկողմանի հանդիպում էր, սակայն, եւրոպական տեսանկիւնէն, ես պիտի ընդգծէի, որ ատիկա կարեւոր էր, ատիկա կրնայ նպաստել շրջանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Մտահոգութիւն Յայտնելով Թշնամական Արտայայտութիւններու Վերաբերեալ` Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Ղեկավարներէն Աւելի Զուսպ Յայտարարութիւններ Կ՛ակնկալէ

Յաջորդը

«Ռուսիոյ Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիոյ Հարցով Աշխատանքի Ուժեղ Մեքանիզմ Ստեղծելու Ուղղութեամբ» Ըսաւ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.