Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն Պահանջած Է Յայտնել Մուտքի Արտօնագիրներու Ջնջման Ժամկէտը

August 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkey-EU_80916

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էօմեր Չելիք «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի դադրի կատարելէ Եւրոպական Միութեան հետ գաղթականներու համաձայնութեան ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները, եթէ Պրիւքսէլ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի սահմանափակումները վերցնելու ժամկէտ չսահմանէ:

Մուտքի արտօնագիրները ջնջելու համար Թուրքիոյ կողմէ պայմանները կատարելու մասին Եւրոպական յանձնաժողովի վերջին զեկուցումին մէջ գոյութիւն ունի երկու կէտ, որոնց կատարման համար Անգարային մեծ ժամկէտ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, եւ 5 կէտ, որոնք Անգարան պէտք է կատարէ մօտիկ ապագային: Այդ պայմաններուն մէջ են ահաբեկչութեան դէմ օրէնսդրութեան փոփոխութիւնը: Ճիշդ այդ պահանջը կը վիճարկեն թրքական իշխանութիւնները:

Ըստ Էօմեր Չելիքի, Անգարայի կողմէ ահաբեկչութեան դէմ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն մտցնելը, որուն վրայ կը յամառի Եւրոպական Միութիւնը, «սպառնալիքի տակ պիտի դնէ Եւրոպայի անվտանգութիւնը»:

Եւրոպական Միութիւնը կը պնդէ, որ Թուրքիան պէտք է փոխէ հակաահաբեկչական օրէնսդրութիւնը, որով կը վտանգուի իրենց իրաւունքներուն համար պայքարող թրքաբնակ քիւրտերու, ժողովրդավարական պահանջներ ներկայացնող հասարակութեան, ընդդիմութեան եւ յառաջադէմ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու անվտանգութիւնը այդ երկրին մէջ:

Եւրոպական Միութեան պետութիւններու եւ անդամ պետութիւններու ղեկավարները մարտի կիսուն Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են գաղթականական ճգնաժամին դէմ պայքարի միացեալ ծրագիրին շուրջ: Անիկա մասնաւորաբար կը նախատեսէ Թուրքիա վերադարձը բոլոր անօրինական գաղթականներուն, որոնք Թուրքիոյ տարածքին ճամբով հասած են Յունաստան, եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ «մէկը մէկի դիմաց» սկզբունքով օրինական գաղթական սուրիացիներու ընդունում:

 

 

 

Նախորդը

Առ Սոսնձումն Սեաւ

Յաջորդը

Սեւրի Դաշնագրի Թրքական Մղձաւանջը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.