Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագրի Թրքական Մղձաւանջը

Օգոստոս 10, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

traité de Sèvres_81016

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Այսօր, 96 տարիներ ետք, 10 օգոստոս 1920-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը տակաւին կը շարունակէ մղձաւանջ պատճառել Թուրքիոյ Հանրապետութեան: Ի տարբերութիւն Միջին Արեւելքը անգլիական եւ ֆրանսական ազդեցութեան գօտիներու վերածող 1916-ի Սայքս` Փիքոյի համաձայնագրին` Սեւրի դաշնագիրը ուղղակի կը պարտադրէր օսմանեան Թուրքիոյ մայր հողատարածքի անդամահատումը` յանուն արդարութեան: Այս արդարութիւնը գլխաւորաբար կը կեդրոնանար պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն Հայաստանի մը կազմութեան նպատակին վրայ:

Ճիշդ այս նպատակն է, որ մինչեւ այսօր մղձաւանջ կը պատճառէ եւ պիտի շարունակէ պատճառել թրքական որեւէ իշխանութեան, քանի որ բռնագրաւումի պատճառով յառաջացած արեւելեան Թուրքիան պատմականօրէն ու իրաւականօրէն Արեւմտեան Հայաստանն է, հայութեան հազարամեակներու բնօրրանը: Սեւրի դաշնագիրը ճիշդ այս իրողութիւնն է, որ ամրագրած է: Այս իրողութիւնն է, որ տասնամեակներէ ի վեր մղձաւանջ կը պատճառէ Թուրքիոյ:

Ճիշդ է` Սեւրի դաշնագիրը մնաց անվաւեր: Բայց ան չէ կորսնցուցած իր բարոյական եւ քաղաքական հեղինակութիւնը: Սեւրի դաշնագրի անվաւեր մնալու հանգամանքը նաեւ տակաւին անլոյծ կը պահէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջնական սահմանագծումի հիմնական հարցը:

Այդ հարցի լուծման համար Թուրքիա դիմեց եւ կը շարունակէ դիմել այլատեսակ քայլերու, որպէսզի վերջնականօրէն հաստատէ իր եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագծումներու իրաւական փաստը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին, երբ պոլշեւիկեան սադրանքներու եւ թրքական հարուածներու միջեւ Հայաստանի կառավարութիւնը անկարող դարձած էր ի գործ դնել երկրի սահմաններու ամբողջականութեան պահպանումը, զօրավար Քեզիմ Քարապեքիր Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրեց Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը` այն ակնկալութեամբ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւականօրէն կը հրաժարի Սեւրի դաշնագրէն: Սակայն այս խաղը տեղ չհասաւ, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ եւ նախկին վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեան Ալեքսանդրապոլի դաշնագրի բանակցութիւնները դիտաւորեալ կերպով ձգձգեց մինչեւ 3 դեկտեմբեր, 1920-ը, երբ դաշնագիրը վերջապէս ստորագրուեցաւ: Սակայն այս դաշնագիրը վաւերական եւ իրաւական ուժ չունէր, որովհետեւ 3 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ: Միւս կողմէ, Քարապեքիր ինքը, իբրեւ Օսմանեան կառավարութեան դէմ ըմբոստացող Քեմալ Աթաթուրքի ներկայացուցիչ, ոչ մէկ իրաւասութիւն ունէր օսմանեան Թուրքիոյ անունով նման համաձայնագիր ստորագրելու: Հետեւաբար Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը իրաւական որեւէ արժէքէ ու հեղինակութենէ զուրկ փաստաթուղթ մըն է:

Այսուհանդերձ, թրքական կողմէ շարունակեց որոնել այլ միջոցներ` փարատելու համար Սեւրի դաշնագրի իր մղձաւանջը: Այս անգամ առիթը կը ներկայանար 1921-ի Կարսի դաշնագրի ճամբով, երբ արդէն իսկ Հայաստան խորհրդայնացած էր եւ ենթակայ` խորհրդային կարգերու: 1921-ին Կարսի մէջ ստորագրուեցաւ դաշնագիր մը` Խորհրդային Հայաստանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչներուն միջեւ, ուր կը հաստատուէր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի այժմու սահմանագծումը: Սակայն այս դաշնագիրը եւս իրաւական հիմքերէ զուրկ էր, քանի որ Խորհրդային Հայաստանի կողմէ ստորագիր իշխանութիւնը Մոսկուան էր, իսկ թրքական կողմէն` Մուսթաֆա Քեմալի ներկայացուցիչը, որ չէր լիազօրուած պաշտօնական Օսմանեան կառավարութեան կողմէ:

10 հոկտեմբեր 2009-ին Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքի  մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները («փրոթոգոլները») կը հանդիսանան Սեւրի դաշնագրի մղձաւանջի փարատման թրքական նորագոյն փորձը: Այս զոյգ արձանագրութիւնները, որոնք թիւրիմացաբար կը ներկայացուէին իբրեւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման միջոցառում, իրականութեան մէջ կը հանդիսանային ոչ իսկ փամփուշտ մը կրակելով Հայաստանի առանց նախապայմանի անձնատուութիւնը` Թուրքիոյ Հանրապետութեան:

Ցիւրիխի մէջ նշեալ արձանագրութիւններու ճամբով  Թուրքիա կը յուսար իրականացնել այն, ինչ չէր կրցած իրագործել 24 յուլիս 1923-ին, երբ զուիցերիական այլ քաղաքի մը` Լոզանի մէջ կնքուեցաւ դաշնագիր: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու արդէն բացայայտօրէն ակներեւ դարձուցած էր թրքական այս յոյսը: Ստորագրութենէն մի քանի օր առաջ,  հոկտեմբեր 8-ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ան շեշտեց, որ Հայաստանի հետ կայանալիք այս արձանագրութիւնները պիտի հաստատեն Լոզանի դաշնագրով ճշդուած Թուրքիոյ սահմանները:

Ընդմիշտ խաբկանքի վարպետ Տաւութօղլու «փրոթոգոլ»-ները կը ներկայացնէր իբրեւ ամբողջացումը միջազգային օրէնքի հիմամբ ընդունուած անցեալի իրաւական մէկ փաստաթուղթին: Այսինքն «փրոթոգոլ»-ները կը հանդիսանային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայ սահմաններու հաստատման համար Լոզանի դաշնագիրէն պակսող օղակները:

Ասիկա Տաւութօղլուի կողմէ իրաւական աճպարարութեան մէկ փորձ էր` բաւարարելու համար շարունակուող սեւրեան մղձաւանջը: Սակայն, հակառակ Լոզանի, մղձաւանջը մղձաւանջ ըլլալէ չէր կրնար դադրիլ:

Առաջին, հակառակ տարածուած թիւրիմացութեան, 1923-ի Լոզանի դաշնագիրը չփոխարինեց եւ չէր կրնար փոխարինել 1920-ի Սեւրի դաշնագիրը: Այս երկուքը էին եւ տակաւին կը մնան իրարմէ տարբեր երկու դաշնագիրներ, որոնք կ՛առնչուին իրարմէ տարբեր կողմերու եւ նիւթերու:

Երկրորդ, միջազգային օրէնքի տրամադրութեամբ, Լոզանի դաշնագիրը չբարեփոխեց եւ չէր կրնար բարեփոխել Սեւրի դաշնագիրը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը այս դաշնագիրներէն խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր տարբեր ստորագիրներ, ինչպէս նաեւ` տարբեր նպատակներ, հարցեր եւ բաղադրեալներ: Իրականութեան մէջ Լոզանի դաշնագրի տրամադրութիւնները որեւէ տեղ ու որեւէ ձեւով չեն ակնարկեր Սեւրի դաշնագիրը բարեփոխելու կամ փոխարինելու առաջադրութեան:

Երրորդ, Սեւրի դաշնագիրը դաշնակից ուժերու եւ օսմանեան Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան հաստատման ընդհանուր դաշնագիր է, ուր յատուկ կերպով տեղ գտած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վէճը` տրամադրելով հայութեան հատուցում, սահմանելով Հայաստանի քաղաքական գոյութիւնը եւ ճշդելով Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանները` ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին:

Լոզանի դաշնագիրին նպատակը սահմանափակ է: Անոր խորագիրն է «Մերձաւոր Արեւելքի մասին Լոզանի խորհրդաժողովը, 1922-1923»: Անոր հիմնական նպատակն է կարգաւորել 1919-1922 յոյն-թրքական պատերազմը: Անոր ստորագիր կողմերը կը հանդիսանային միայն անոնք, որոնք առնչութիւն ունին այդ պատերազմին: Արդ, այս դաշնագիրը չէր ներառեր Հայաստանը եւ չէր կարգաւորեր Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանային վէճը:

Ուստի, միջազգային օրէնքի ծիրէն ներս, Տաւութօղլուի վարկածը` թէ «փրոթոգոլ»-ներու ստորագրումը պիտի հաստատէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները` ըստ Լոզանի դաշնագրի տրամադրութեանց, պարզապէս անհիմն էր:  Հայաստան ո՛չ կողմ էր եւ ո՛չ ալ նիւթ էր այդ դաշնագիրին համար:

Խորքին մէջ Լոզանի դաշնագիրը անուղղակի ակնարկութեամբ վերահաստատումը կատարեց Սեւրի դաշնագրով Ուիլսընեան իրաւարարութեան վճիռին հիմամբ ճշդուած Հայաստանի տարածքային սահմաններուն: Այս վերահաստատումը կատարուեցաւ դաշնագիրի յօդուած 16-ի միջոցով, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն մէջ, որոնք մաս չեն կազմեր Լոզանի դաշնագիրի քննարկման:

Հետեւաբար Սեւրի դաշնագրի թրքական մղձաւանջը կը շարունակուի:

 

Նախորդը

Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն Պահանջած Է Յայտնել Մուտքի Արտօնագիրներու Ջնջման Ժամկէտը

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Ռուսիայէն Օդանաւեր Պիտի Գնէ Եւ Պաքուի Մէջ Օդանաւերու Կազմութեան Գործարան Պիտի Բացուի» Կ՛ըսէ Ռոկոզին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?