Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փապուղի՞… Թէ՞ Փակուղի

August 9, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
bridge-or-tunnel-take-2-768x248
Գործ՝ Արա Ազատի

Լաբիւրինթոսային բացատրողականը հաւանաբար չափազանցութիւն մը չէ:

Ինչ որ կը պատահի կիրակի, յուլիս 17-էն ի վեր, Երեւանի մէջ, կ՛ընթանայ այնպիսի ուղղութեամբ մը, որ լուրջ հարցադրումներու եւ վերլուծումներու դուռ կը բանայ:

Երբ բրիտանացի գրագէտ Էնթընի Պըրճես (1917-1993) տարօրինակ երեւակայութեամբ եւ մտայղացումով մը 1962-ին լոյս ընծայած էր մեծ հռչակ ձեռք բերած «Ինքնագործ նարինջը» («A Clockwork Orange»), ներկայացուցած էր ապագայի անիշխանական Լոնտոն մը, ուր օրինականն ու ապօրինին իրարու հետ բախելով` ստեղծած էին ահաւոր միջավայր, ժողովուրդ, քաղաք… երկիր մը` Սարսափիստան: Նոյնքան հմտութեամբ, տասնեակ մը տարի ետք, բրիտանացի հանրահռչակ բեմադրիչ Սթանլի Քիւպրիք (1928-1999) այդ գրական գործը տեղադրած էր եօթներորդ արուեստի բնագաւառէն ներս` յաւելեալ փայլք մը տալով:

Այս «Ինքնագործ նարինջը» (ոչ մէկ կապ կամ ակնարկ` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նկարագրած սփիւռքահայութեան նարինջ համտեսողներուն` ծիրանի երկրին մէջ) գործին մէջ, սուր երգիծանքով կը նկարագրուէր հոգեբանական ծայրայեղ միջոցներու գործածութիւնը` ամբողջատիրական եւ ծաւալողապաշտ ընկերութեան մը` կառավարութեան մը, ուր մարդ էակը վերածուած է ինքնագործ մեքենայի` ռոպոթի:

Սակայն Երեւանի մէջ պատահած ու ստեղծուած կացութիւնը ժապաւէն մը չէ, այլ պաստառներու ետին իսկական դէպքերն են, որոնք կը պատահին` ահազանգի մատնելով տրամաբանութիւնն ու արդարամտութիւնը:

Այսինքն ներկայ երկրի տիրող պայմաններէն դժգոհ հայորդիներ, ներկայ ղեկավարութիւնը տապալելու մտադրութեամբ, հայրենակից ոստիկա՞նը կը սպաննեն: Այս ցոյցերուն կը մասնակցին ամէն գաղափարի անձնաւորութիւններ, նոյնիսկ դերասաններ, հակառակ անոր որ պատահածը իսկական է… եւ պարզ երեւակայուած կամ յօրինուած ժապաւէն մը չէ:

Հաւանաբար թէ՛ ձերբակալողը եւ թէ՛ ձերբակալուողը ակնթարթ մը հարց տան, թէ` «Յո՞ երթանք»:

Խորենացի փողոցին վրայ կատարուածը ամէնէն աւելի պիտի մտահոգէր նոյնինքն ոսկեդարի պատմագիր, գրագէտ, բանաստեղծ Մովսէս Խորենացին (410-490), որուն նկարագրած «Պատմութիւն Հայոց»-ը հաւանաբար եթէ այս օրերուն շարունակուէր, այդքան ալ ոսկեգոյն էջերով պատուած պիտի չըլլար:

Խորենացին պիտի չուզէր այս բոլորին ականատեսը դառնալ: Ի վերջոյ ան պարտականութիւն մը ունէր սերունդներ դաստիարակելու եւ տեղեկացնելու պատմութիւնը` հայոց պատմութիւնը:

Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ ցոյցերու ընթացքն ու ցուցարարներու ժամադրավայրը Խորենացի փողոցէն այլ վայրեր փոխադրելը պարզ այրած սրտի մխիթարանք մը պիտի ըլլար հարիւրաւոր հայ սերունդներ ակնածանքով ու երախտագիտութեամբ տպաւորած եւ դաստիարակած իմաստասէր հանճարը: Վէրքը պիտի մնար վէրք, այնպիսի ծանր «Վէրք Հայաստանի» մը, որ նոյնինքն Խաչատուր Աբովեանն ալ անձնատուր պիտի ըլլար: Հետեւաբար ցուցարարները Աբովեան փողո՞ց փոխադրել, թէ՞ Ազատութիւն հրապարակ… վէրքը պիտի մնայ վէրք:

Դժբախտաբար այս դէպքերը կը յիշեցնեն կարդացողին համար այլ նորավէպ մը` ամերիկացի Փոլ Ֆրետըրիք Քլուկի «Դրամատան տղաքը» («The Boys in the Bank»), որ ամերիկացի բեմադրիչ Սիտնի Լումեթ ամենայն հմտութեամբ ներկայացուցած էր շարժապատկերի աշխարհէն ներս «Dog Day Afternoon» գործով:

Սակայն, դէմ դիմաց կանգնող բոլոր կողմերն ալ, ամէնէն աւելի անիշխանական ցուցարարէն մինչեւ ամէնէն աւելի հլու կամակատար ոստիկանը պէտք է քաջատեղեակ ըլլան, որ Էրեբունիի մէջ պատահածը «Dog Day Afternoon»-եան դրամատան կողոպուտ մը չէ, այլ շատ աւելի ահաւոր կողոպուտ մը` ազգային ապահովութեան եւ պատկանելիութեան կողոպուտ:

Փապուղի՞… թէ՞ փակուղի: Դժբախտաբար ցայսօր զանազան վերլուծումներ եւ բաղդատականներ շատ աւելի կ՛աղաւաղեն արդէն իսկ վատառողջ լաբիւրինթոսային մթնոլորտը:

28 յուլիս, 2016

Նախորդը

Արմենակ Հոնոլուլու Գացեր Է Եւ` Առակի Թարգմանիչ Դարձեր

Յաջորդը

Առ Սոսնձումն Սեաւ (*) Ա. Բներգ, Միջամտութիւն Եւ Հարթակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.