Ազրպէյճանի «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պատկերասփիւռի եւ ռատիոհեռարձակման ազգային խորհուրդը` հիմնուելով գլխաւոր դատախազութեան դիմումին վրայ, որոշած է ժամանակաւորապէս կասեցնել «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը` վերջինիս կողմէ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հարցազրոյցի սփռումին պատճառով:
Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կարծիքով` այդպիսի սփռումները կրնան «վատթարացնել ռազմավարական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ»:
Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը խոր մտահոգութիւն յայտնած էին Կիւլենի հարցազրոյցին սփռումին նկատմամբ եւ յորդորած միջոցառումներու ձեռնարկել:
Ազրպէյճանի պատկերասփիւռի եւ ռատիոհեռարձակման ազգային խորհուրդը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ պիտի դիմէ դատարան, եւ «Էյ.Էն.Էս.»-ի վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի տայ դատարանը:


