Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

September 23, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրէն Գրիգորեան

Ըստ անցեալ կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներուն, Ստեփանակերտի քաղաքապետ ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Սուրէն Գրիգորեան: Անոր օգտին քուէարկած է ընտրութեան մասնակցած ստեփանակերտցիներուն 62.5 առ հարիւրը:

Կիրակի օր Լեռնային Ղարաբաղի 227 համայնքներէն 209-ին մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ: Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին տուեալներով, քուէարկութեան մասնակցած են 54658 ընտրողներ, կամ ընտրողներուն 58.71 առ հարիւրը:

Լեռնային Ղարաբաղի մեծագոյն համայնքին` Ստեփանակերտի քաղաքապետի պաշտօնին համար կը պայքարէին 3 թեկնածուներ` Սուրէն Գրիգորեան, Էդուարդ Աղաբեկեան` Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի խորհրդական եւ 2004-ին ընդդիմութեան կողմէ առաջադրուած եւ ընտրուած քաղաքապետ, պատգամաւոր Մարատ Հասրաթեան, որուն օգտին քուէարկած է ընտրողներուն 13.7 առ հարիւրը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին Մարատ Հասրաթեան յայտնեց, որ կ՛ընդունի քուէարկութեան արդիւնքները եւ արդէն շնորհաւորած է ընտրուած քաղաքապետին:

Ան աւելցուց, որ ընդհանուր առմամբ ընտրութիւնները արդար եւ թափանցիկ անցած են:

Միջազգային դէտեր չէին հետեւեր ընտրութիւններուն: Հայաստանի Ազգային ժողովէն ժամանած չորս դէտերն ալ միաբերան յայտարարեցին, որ որեւէ թերութիւն չնկատեցին եւ ամէն ինչ աւելի քան կատարեալ է:

Կիրակի օր ընտրատեղամասին մէջ քուէարկելէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ քուէարկած է այն թեկնածուի օգտին, որ «օժտուած է համապատասխան գիտելիքներով եւ ընտրուելէն ետք կրնայ իր պարտականութիւնները կատարել»:

Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանն ալ իր ընտրած թեկնածուէն կ՛ակնկալէ, որ ան «այս տարիներուն ընթացքին պահպանէ քաղաքին գեղեցկութիւնը, այլ աւելի հաճելի եւ բարեկեցիկ դարձնէ Ստեփանակերտը»:

«Առաջին, մենք աշխարհին  ցոյց կու տանք, որ մենք ստեղծած ենք ժողովրդավարական պետութիւն եւ մեր ամէն մէկ քայլը ընտրութիւններուն հետ կապուած համեմատութիւն կու տայ աշխարհին մեր դրացիներուն հետ, որ հասկանան, թէ մեր քով իսկական ժողովրդավարութիւն կայ, իսկ մեր դրացիներուն մօտ սուլթանականութիւն ստեղծուած է, ուր հօրմէն որդի կը ժառանգուի թագը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեան:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի կ՛ունենան 1998-էն ի վեր. այս ընտրութիւնները հինգերորդն են:

 

 

Նախորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ (ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ)

Յաջորդը

ՕՊԱՄԱ – ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։