
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբերը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Հայաստանի համար անընդունելի է Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
«Ալիեւը կ՛ըսէ` Ղարաբաղը ոչ մէկ կարգավիճակով չի կրնար անկախ ըլլալ, պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Մենք ալ կ՛ըսենք` բարեւ քեզ, նման բան չկայ, պարոն Ալիեւ, միտքէդ հանէ, որ Ղարաբաղը որեւէ կարգավիճակով կրնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ: Այս է հիմնական հարցը», լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց Էդուարդ Շարմազանով:
Հարցին, թէ ի՛նչ նկատի ունի «արժանապատիւ խաղաղութիւն» ըսելով, արդե՞օք կարգավիճակի դիմաց Ղարաբաղի յարակից 5 շրջաններն Ազրպէյճանին յանձնելը նոյնպէս կը տեղաւորուի այդ սահմանումին մէջ, Շարմազանով պատասխանեց. «Ես կը կարծեմ, որ արժանապատիւ խաղաղութիւնը այն է, երբ որ մենք հասնինք այն նպատակին, որուն համար 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը դուրս եկած է Ստեփանակերտի փողոցները»:
Անոր փոխանցումով` բանակցութիւններով Ալիեւ ամէն գնով կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածքային մաս դարձնել` առաջարկելով Նախիջեւանի կարգավիճակը. «Նախիջեւանը լաւագոյն օրինակն է, որպէսզի աշխարհը հասկնայ, որ Ղարաբաղը չի կրնար ըլլալ երկրորդ Նախիջեւան: Նախիջեւանի մէջ այսօր մէկ հատ հայ չէ մնացած, բոլորին աքսորեցին: Երկրորդը, Ազրպէյճանի ժողովուրդը, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը նախ եւ առաջ նոյնիսկ հանդուրժող չեն հայկական մշակութային յուշարձաններու պարագային: Նոր Ջուղայի մէջ տեսաք ինչ տեղի ունեցաւ… անոնք անշունչ յուշարձանները, խաչքարերը կը քանդեն, եթէ շնչաւոր հայ տեսնեն, ի՛նչ կ՛ընեն»:
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթութեան մասին, 9 յուլիսին, ՕԹԱՆ-ի գագաթնաժողովին ընթացքին բարձրաձայնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան` շեշտելով, որ սթաթիւս քոն կը փոխուի, եթէ իրականացուի այդ սկզբունքը:
«Մեզի համար ամէնէն էական խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման հարցն է: Արցախի ժողովուրդը պէտք է իրաւունք ունենայ հանրաքուէի միջոցով որոշելու իր ճակատագիրը: Այս է հարցերուն հարցը», յայտարարեց Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբերը:


