Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ալպա» Համալսարանը Կը Մեծարէ Վաստակաշատ Արուեստագէտ Կիւվտէրը

July 5, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_8597

«Ալպա» համալսարանի նախաձեռնութեամբ, 16 յունիսին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Կիւվտէրի մեծարանքի հանդիսութիւնը եւ համալսարանին մէջ անոր աւելի քան քառասնամեայ վաստակին նուիրուած ծառատնկումի արարողութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Մշակոյթի նախկին նախարար Թարէք Մըթրի, համալսարանի դասախօսական կազմը, լիբանանցի մեծ թիւով արուեստագէտներ, որոնցմէ շատեր աշակերտած են Կիւվտէրի: Ներկայ էին նաեւ ուսանողներ եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

Համալսարանի տնօրէն Անտրէ Պըխազի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Ալպա» համալսարանին եւ ընդհանրապէս Լիբանանի ժամանակակից նկարչութեան եւ կերպարուեստին մէջ Կիւվտէրի բերած վաստակին: Ան արժեւորեց Կիւվտէրի արուեստն ու տաղանդը եւ հաստատեց, որ անոր կեանքով լեցուն բարձրաթռիչ ձայնը հարազատ վկայութիւնն է սլացքով առաջնորդուող իր արուեստին:

IMG_8667Պըխազի ըսաւ. «Կիւվտէրի դասարանը սովորական դասարան մը չէ, այլ` նախանձելի եւ օրինակելի արուեստի աշխատավայր մը, ուր կը մէկտեղուին բնութենէն եւ մարդու կողմէ օգտագործուած իրերու մնացորդացէ հաւաքուած առարկաներ, որոնք բոլորն ալ արուեստագէտին հմտութեան շնորհիւ կը վերածուին արուեստի գեղեցիկ գործերու: Այո՛, Կիւվտէր յաջողած է իր գործով արուեստի տարրալուծարան մը ստեղծել եւ այս իմաստով մի՛շտ նորութիւններ յայտնաբերել: Ան այս շունչը եւ ոգին կը փորձէ փոխանցել իր աշակերտներուն: Աշակերտները պէտք է հպարտ ըլլան, որ արուեստի այսպիսի վարպետ մը ունին եւ անցնող բոլոր սերունդները միշտ երախտապարտութեամբ ու շնորհակալութեամբ պիտի անդրադառնան Կիւվտէրի վաստակին ու իրենց կեանքի ու ստեղծագործական երթին վրայ ձգած մեծ դրոշմին»:

Աւարտին, համալսարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ծառատնկումի արարողութիւն:

Յայտնենք, որ Կիւվտէր հակառակ իր 95-ամեայ յառաջացած տարիքին կը շարունակէ դասախօսել համալսարանին մէջ:

Անցնող վեց տարիներուն ան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ ունեցած է երկու անհատական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ անոր ստեղծագործական աշխարհը պարփակող եւ «Ալպա» համալսարանի կողմէ հրատարակուած ալպոմի շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Համազգայինի ցուցասրահին մէջ:

(Լուսանկարները՝ ԱԲՐԱՀԱՄ-ի)

Նախորդը

«Փրկութեան Քարտէս»-ը Ժապաւէնի Արտադրիչ Մանուէլ Սարիբէկեան «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Եգիպտոսի Միջնորդի Դերը Վտանգուած

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.