Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոնտոնի Մէջ Տասնեակ Հազարներու Մասնակցութեամբ Քայլարշաւ` Ընդդէմ «Պրեքզիթ»-ի

July 4, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

UK-EU_70316

Շաբաթ օր Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ քայլարշաւ մը կատարեցին` բողոքելով իրենց երկրին` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն դէմ: Շատեր կը կրեն Եւրոպական Միութեան դրօշը եւ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ «Ես Եւրոպական Միութեան հետ եմ»-ի նման կարգախօսներ գրուած էին:

Լոնտոն քաղաքը անցեալ Շաբաթ երկրին` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէի ընթացքին մեծամասնութեամբ միութենէն դուրս գալուն դէմ քուէարկած էր: Անգլիոյ եւ Կալեսի մեծամասնութիւնը քուէարկեց յօգուտ միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի, իսկ Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը ուզեցին պահպանել անդամակցութիւնը:

Ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ չափահասներ էին, որոնք մտահոգուած են իրենց ապագայով եւ կը նշեն, թէ «Պրեքզիթ»-ի ի նպաստ արշաւը հիմնուած է սուտերու վրայ: Քայլարշաւի մասնակիցները հանրաքուէի հրաւէր ուղղելով Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին` անոր գրասենեակին առջեւ կանգ առնելով բացագանչեցին. «Ամօթ քեզի»:

Աւելի քան 4 միլիոն քաղաքացիներ ստորագրած են երկրորդ հանրաքուէի մը պահանջով դիմում մը` նշելով, որ քուէներու համեմատութեան տարբերութիւնը շատ փոքր է:

Նշենք, որ չորեքշաբթի օր եւս Լոնտոնի Թրաֆալկար հրապարակին վրայ «Պրեքզիթ»-ի դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած էր:

 

Նախորդը

Փութին Կը Սպառնայ Ֆինլանտայի. «Ռուսիա Պիտի Հակազդէ, Եթէ Հելսինքի Միանայ ՕԹԱՆ-ին»

Յաջորդը

Պաղտատի Մէջ Տեղի Ունեցած Ականահարումները Հարիւրաւոր Զոհեր Խլեցին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.