
ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Պաքուի մէջ ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ խաղաղ եւ կայուն լուծման հասնելու համար փոխզիջումի անհրաժեշտութիւնը:
Ան հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ` շեշտելով խաղաղ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան վճռականութիւնը: Շթայնմայեր Պաքուի իր գործընկերներուն կոչ ուղղած է ապացուցել փոխզիջման դիմելու իրենց պատրաստակամութիւնը, որ կարեւոր է տագնապի լուծման հոլովոյթի յառաջընթացին համար:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Շթայնմայեր վերահաստատած է իր լիակատար աջակցութիւնը` Մինսքի խմբակի միջնորդական առաքելութեան, իր անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անտրէյ Քասփրչիքին:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Շթայնմայեր երէկ Թիֆլիսի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ Գերմանիան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկիր, «կը ձգտի լուծել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը»:
«Անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել այդ շրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման ու ամրապնդման եւ այդ տագնապի խաղաղ լուծման համար», ըսած է ան:
Շթայնմայեր Թիֆլիս կը գտնուի ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի տարեկան նստաշրջանին մասնակցելու համար:


