Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս

July 2, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Apkarian_61216

Կիրակի, 12 յունիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի ամավերջի միացեալ հանդէսը` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հանդէսին խորագիրն էր` «Արեւի մարդիկ»:

Յայտագիրը սկսաւ աշակերտներու նկարներու ցուցադրութեամբ, որուն ընդմէջէն ներկաները ականատես եղան 2015-2016 տարուան վարժարանին այլազան գործունէութեան:

Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2016 տարին հռչակեց ծառայութեան տարի: Հետեւաբար այսօրուան հանդէսի ընթացքին մեր աշակերտները խօսքով, երգով ու պարով լուսարձակի տակ առին ծառայութեան գաղափարը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն, անմիջապէս ետք հանդէսի բացումը կատարեցին Ծաղիկ եւ Ա. կարգի աշակերտները` «Արեւի մարդիկ» խանդավառ պարով: Խօսք առին Ծաղիկ դասարանի աշակերտները` ներկաներուն յայտնելով ուրախ ըլլալու գաղտնիքը… Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան բոլոր կարգերու աշակերտները: Երգերու եւ պարերու կողքին, անոնք արտասանեցին հայերէնով Վ. Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ը, անգլերէնով «Ճոյ ին Սըրվինկ», իսկ արաբերէնով` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանէն «Ալաթա»-ն:

Խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց երգչախումբին կատարած խմբերգները` «Լա թրիսթես նէօ ֆէ տէօ պիէն ա փերսոն», «Օրն ի բուն», «Ախպերս ու ես», «Վերականգնի՛ր, Կիլիկիա՛»:

Apkarian2_61216

Հանդէսը իր խանդավառութեան գագաթնակէտին հասաւ «Միշտ առաջ» երգ-պարով, որ ներկայացուցին Ծաղիկ եւ Ա. կարգի աշակերտները` զինուորական տարազներով եւ հայկական դրօշներով:

Բեմի յարդարանքը կը ներկայացնէր Հայաստանի պայծառ բնութիւնն ու հայ ընտանիքը` իր պաշտպան զինուորով:

Բեմ բարձրացաւ Սեդա Մածունեան, որ տնօրէն խորհուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, ներկաներուն, պատկան մարմիններուն, բարեսիրական միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք սատար հանդիսացան վարժարանի տարեշրջանի հեզասահ ընթացքին: Ան անդրադառնալով հանդէսի խորագրին` շեշտեց «Սիրով իրարու ծառայենք» նշանաբանը: Մատնանշեց, որ` «Այսօրուան իրագործումները կրնան մոռցուիլ, ծափահարութիւնները կրնան հեռաւոր յիշատակ դառնալ, վկայականները փոշոտիլ դարակին մէջ, սակայն միշտ կը յիշուին մարդկային արժանիքները: Առ այդ, սիրով ծառայենք, որովհետեւ սէրը մղիչ ուժն է ծառայութեան»:

Ի վերջոյ բեմ բարձրացան «Վերջին զանգ» երգի հնչողութեան ներքեւ, Ծաղիկ եւ Զ. դասարանի շրջանաւարտ աշակերտները, վկայականի տարազով եւ ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ սրբազան հօր:

Ապա խօսք առաւ սրբազան հայրը, ան գնահատեց աշակերտներն ու կրթական մշակները իրենց տարած աշխատանքին համար: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ «Հոսանքին դէմ նաւարկելով հայ վարժարանը տարուէ տարի նոր հունձքերով կը հարստանայ եւ կը փաստէ, որ հակառակ դժուարութիւններուն հայ կրթական գործը յաղթական ընթացքի մէջ է»: Ի վերջոյ ան յոյս յայտնեց, որ 2017-2018 տարեշրջանին Պ. Համուտի մէջ գործող ազգային 4 վարժարանները տեղափոխուին Ազգային Միացեալ Վարժարան:

Այս տարուան հունձքն էր, հինգ աշակերտուհիներ Զ. կարգէն`

Աբրահամեան Հերմինիա, Հանի Եասմին, Գէորգ Սինթիա, Մանուշակեան Կրազելլա եւ Զատիկ Քրիսթինա:

Ութ` Ծաղիկ դասարանէն`

Տալի Աֆթինիոս, Ճիլեզեան Սերժ, Ճեմճեմեան Քրիստափոր, Գրճալեան Զարեհ, Քէօթրիւմեան Սարգիս, Գույումճեան Ճէյն, Նուպարեան Սինթիա, Ռըզք Վիքթորիա Մարի:

Վարձքը կատար բոլորին:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները

Յաջորդը

Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.