
Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականը, որ Մոլտովայի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան, երէկ Անտորրայէն կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը` 70-63 արդիւնքով:
Գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեան կազմը միայն առաջին քորթըրին յաջողեցաւ գերազանցել իր մրցակիցին` 14-12 արդիւնքով, մինչ մնացեալ երեք քորթըրներուն զիջեցաւ անոր` 17-18, 22-25 եւ 10-15:
Այսօր հայրենի կազմը կը կատարէ իր երրորդ մրցումը` Կալեսի դէմ:


