
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ 2-4 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 39-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի 2016-ի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտարարեց, որ արձանագրութիւնները արդէն իսկ սկսած են լիբանանցի արաբ թէ օտար վարորդներուն համար:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 19 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 17:00-ը:


