
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան չ՛ընդունիր այն բնորոշումը, թէ երբ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները լարուին կամ բարելաւուին, վնաս են Հայաստանին համար:
«Երկիր»-ին հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ աշխարհի պետութիւնները ունին իրենց շահերը, եւ ամէն փոփոխութեան պարագային, Հայաստան պէտք է վերադասաւորուի, որպէսզի հաւանական բացասական հետեւանքները չէզոքացնէ:
«Թուրքիան վտանգ է Հայաստանի համար, շատոնց յայտնի է: Անկախ անկէ, թէ Թուրքիան Ռուսիոյ հետ ինչպիսի՛ յարաբերութիւններ կ՛ունենայ, մեզի համար սպառնալիք է եւ վտանգ, քանի դեռ չէ հրաժարած իր նոր օսմանականութեան ռազմավարութենէն: Ասիկա, անկախ այդ վերիվայրումներէն, միշտ պիտի ունենանք մեր արտաքին սկզբունքին մէջ», ըսաւ Ռուստամեան:
Անոր կարծիքով` ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, բնականաբար, ստիպուած քայլ է Թուրքիոյ կողմէ, որովհետեւ այնքան հարցեր կուտակուած են, որ ճնշումները հետզհետէ երկրին վրայ կը մեծնան, եւ ան ստիպուած պէտք է այդ լարուածութեան օճախները մեղմացնէ: Ռուստամեան նշեց, որ Թուրքիոյ կարգախօսն էր` ունենալ զերօ հարց դրացիներուն հետ, բայց ունեցաւ զերօ դրացի, եւ այդ պատճառով բնական է, որ կը փորձէ գոնէ հարթել յարաբերութիւնները այն երկիրներուն հետ, որոնց հետ թշնամանքը լուրջ վտանգ կրնայ հանդիսանալ, մանաւանդ որ երկրին մէջ ալ հարցեր կուտակուեր են: Պատգամաւորին կարծիքով` Էրտողանի վարչակարգը լուրջ սպառնալիքներ յառաջացուցած է Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
«Այս տրամաբանութեամբ ան այդ քայլը առած է, եւ յայտնի էր, որ այս թշնամանքը յաւերժական պիտի չըլլար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անսպասելի ոչ մէկ բան տեղի ունեցած է, որ մենք հիմա սթափինք ու փորձենք կտրուկ ինչ որ փոփոխութիւններու դիմել, բայց վստահ, որ մենք պէտք է ունենանք մեր հետեւողական քաղաքականութիւնը` Թուրքիոյ հետ կապուած, եւ իմանանք, որ այդ պետութիւնը, անկախ ամէն ինչէ, մեծ սպառնալիք է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ շրջանի ու աշխարհի համար, ընդ որում` հիմա արդէն ամբողջ աշխարհը այդ կը հասկնայ:
Անդրադառնալով ռուս-թուրքական յարաբերութիւններու բարելաւման` Ռուստամեան ըսաւ. «Այսպիսի խօսք կայ` կոտրուածը ինչքան ալ փակցնես, հետքը նորէն պիտի երեւի: Ուրեմն այն նստուածքը, որ յառաջացաւ այս ընթացքին Ռուսիոյ մէջ, բացասական նստուածք էր եւ իր հետեւանքները պիտի ունենայ»:
«Նոյնը պիտի չըլլայ այլեւս ռուս- թրքական յարաբերութիւններուն մէջ, ինչ եղած է մինչեւ օդանաւի ջախջախման դէպքը, մանաւանդ` Էրտողանի վարչակարգի պահպանման պարագային: Բնականոն դառնալ կարելի է, բայց սուր յարաբերութիւնները նորէն կարգաւորուին` ոչ», կարծիք յայտնեց Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կապ կը տեսնէ՞ Էրտողանի «ներման հայց»-ին եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան միջեւ, պատգամաւորը պատասխանեց, որ կապ չի տեսներ, թէեւ ամէն ինչ կարելի է կապել, բայց ինք կապ չի տեսներ:
ՀՅԴ-ն Կողմ` Հակաօդային Պաշտպանութեան Համաձայնագիրին
Երէկ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին կը քննարկուէր Հակաօդային պաշտպանութեան համաձայնագիրի վաւերացման հարցը:
Ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Անոր խօսքով` կայ ոսկի կանոն մը, որ եթէ չունիս այլընտրանք, ամրացո՛ւր ինչ որ ունիս: Անկէ շեղելու պարագային կը փլես անվտանգութեան համակարգը: Ըստ Ռուստամեանին, մտավարժանքներով պէտք չէ խճճել հարցը, շեղել եւ խեղաթիւրել:
«Ոմանց համար ապրիլեան պատերազմը առիթ էր, որ այս այլընտրանքը չունենալով, զրկուինք մեր ունեցածէն: Քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուած է նաեւ այլ բաներ, որ փոխուած է միջազգային իրավիճակը, որ փոխուած են խաղի կանոնները, եւ ով որ ուժեղ է, խաղի կանոնները կը պարտադրէ: Խնդիրը շատ պարզ դրուած է` մենք ասով կ՛ուժեղանա՞նք, թէ՞ չենք ուժեղանար: Խօսքը պաշտպանութեան մասին է: Ինքնապաշտպանութիւնը որեւէ պետութեան սուրբ իրաւունքն է: Եթէ ձեզի կը թուի, որ երբ մեր վրայ յարձակին, մենք պէտք է ինչ որ մէկուն հարցնենք` մեր ինքնապաշտպանութիւնը իրականացնե՞նք, թէ՞ ոչ, ուրեմն դուք այս աշխարհէն չէք», ըսաւ Ռուստամեան:
Անոր խօսքով` պայմանագիրներու միջոցով չէ, որ կը յարձակին, արտակարգ իրավիճակը պայմանագիրներու խախտում է, երբ ձեռքիդ տակ եղած զէնքով կը դիմես ինքնապաշտպանութեան: Ապրիլեան պատերազմը ցոյց տուաւ, որ մենք կը դիմենք ինքնապաշտպանութեան եղած զէնք ու զինամթերքով` առանց ոեւէ մէկուն հարցնելու: Եւ եթէ Հայաստան փամփուշտ չունենայ, միւս զինատեսակները չունենայ, ապա ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուի: Ըստ Ռուստամեանին, բոլորին համար պարզ է, որ Ռուսիոյ հետ ռազմաքաղաքական համագործակցութեամբ կարելի է ապահովել զէնք-զինամթերքի առկայութիւնը, քանի որ այլընտրանք չկայ:
Պատգամաւորը համաձայն է այն տեսական հարցադրումին, թէ ինչո՛ւ մինչեւ հիմա Հայաստան այլընտրանք չէր ստեղծած, բայց ատիկա քննարկուելիք հարց է, պէտք է կարենալ բազմապատկել այլընտրանքները: Սակայն այսօր, երբ ամէն օր իրական պատերազմի սպառնալիք կայ, Հայաստան փաստօրէն չունի այլ միջոց, ուստի պէտք չէ դէմ խօսիլ այն բանին, որ կրնայ ամրապնդել պաշտպանական ու անվտանգային աղբիւրները:
«Այո՛, այսօր մենք խնդիր ունինք` մեր ռազմավարական գործընկերոջ հետ յարաբերութիւնները բերել այն մակարդակին, որ իրաւապայմանագրային մակարդակն է: Հիմա իրավիճակը տէ ֆաքթօ այդ մակարդակէն ցած է: Եւ ատոր մասին պէտք է ըսել` ոչ թէ անդադար գանգատելով, այլ պահանջ ներկայացնելով ռազմավարական գործընկերոջ` Ռուսիոյ ու ըսել` եղբա՛յր, պայմանագի՞ր կնքեր ենք, ուրեմն եկէք բառ առ բառ, տառ առ տառ պայմանագիրին կէտերը իրականացնենք: Եթէ այս ձեւով հարցը դրուի, շատ խնդիրներ իրենց տեղը կը գտնեն, մենք ալ մեր ընելիքը կ՛իմանանք», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` չհամաձայնելով բոլոր այն յայտարարութիւններուն, թէ այս համաձայնագիրով Հայաստան կը զիջի իր ինքնուրոյնութիւնը:
Հակաօդային պաշտպանութեան համաձայնագիրը կը կրէ յղում 1995 թուականի համաձայնագիրին, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ իրականացումը կը կատարուի համադրող խորհուրդի մը կողմէ, որուն ղեկավարումը կ՛իրականացնէ Ռուսիան: Այդ փաստաթուղթին տակ ստորագրած է 12 պետութիւն, որոնց մէջ Ազրպէյճան եւ Վրաստան:
«1995 թուականի համաձայնագիրը չէ աշխատած, այստեղ կ՛ըսուի, որ կողմերը պէտք է տեղեկացուին հրթիռային հաւանական վտանգներու մասին, իսկ մենք գիտենք, որ նման կարելիութիւն եղած է, բայց մենք այդ տեղեկութիւնը չենք ունեցած: Այսինքն` մենք եղած պայմանագիրները կեանքի կոչելու խնդիր ունինք: Փաստը այն է, որ Ազրպէյճան խախտած է իր իսկ կողմէ ստորագրուած պայմանագիրը` յարձակելով այդ պայմանագիրին տակ ստորագրած դրացի երկրի մը վրայ, խախտելով պայմանաւորուածութիւնը», ըսաւ պատգամաւորը` աւելցնելով, որ պայմանագիրները ընդհանրապէս լաւ կ՛ըլլան, կը մնայ, որ անոնք իրականացուին, չմնան թուղթի վրայ:
Անոր խօսքով` Հայաստան պէտք է Ռուսիոյ առջեւ դնէ բոլոր կնքուած պայմանագիրները, որ տէր կանգնին այդ պայմանագիրներով նախատեսուած պարտաւորութիւններուն:
Ան աւելցուց, որ Նախիջեւանի մէջ արդէն Թուրքիան մեծցուցած է բանակին թիւը, եւ եթէ այս համաձայնագիրով այդ հատուածի պաշտպանութիւնը կը մեծնայ, ի՞նչ վատ բան կրնայ ըլլալ ատոր մէջ:
Ռուստամեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն կողմ պիտի քուէարկէ հակաօդային պաշտպանութեան համաձայնագիրին:


