Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Անակնկալները

June 25, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Է.

Առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպայի ախոյեանութեան կը մասնակցին 24 երկիրներ: Ոմանց համար թերեւս տարօրինակ թուին մասնակցող երկիրները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով յայտնուած են աշխարհի ախոյեանութենէն ետք 2-րդ մեծագոյն հռչակ ունեցող մրցաշարքին` Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:

Առաջին անգամ 1960-ին, նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին մասնակցած 3 երկիրները, 56 տարիներ ետք կը ներկայացնեն այսօրուան 24 երկիրներէն 5-ը (Չեխիա, Սլովաքիա, Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Խրուաթիա): Կը մասնակցին նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ երեք երկիրները (Անգլիա, Կալէս եւ Հիւսիսային Իրլանտա). անշուշտ այս երկիրներուն կողքին առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ալպանիա եւ Իսլանտա:

6 խմբակներու բաժնուած այս 24 խումբերը կը կիրարկեն նոր եւ արդի ֆութպոլ: Այս է պարագան մանաւանդ փոքր, համեստ խումբերուն, ինչպէս` Հունգարիա, Լեհաստան եւ Պելճիքա, խումբեր, որոնք անցեալին հզօր խումբեր էին եւ կը շշմեցնէին հանդիսատեսները:

Նախկին մրցաշարքերուն, ինչպէս միշտ, կը փայլէին եւ կը ծագէին նոր աստղեր: Այսօր պատկերը հակառակն է, այսօր չկան փուշքաշներ, փլաթինիներ, կիւլիթներ եւ ուրիշներ. կայ խմբային խաղաոճ:

Չկան յատուկ խումբեր, որոնց խաղաոճը արդէն իսկ յստակ կ՛ըլլար մրցաշարքի սկիզբէն, ինչպէս` 1984-ին Ֆրանսան, 1988-ին Հոլանտան, 2008-ին Սպանիան:

Այսօր կան մէկէ աւելի լաւ, հզօր եւ պատրաստուած խումբեր, որոնք կրնան մեզ անակնկալներու առջեւ դնել:

Ֆութպոլը այսօր տարօրինակօրէն փոխուած է: Չկան տկար եւ համեստ խումբեր, չկան նաեւ գերազանց խումբեր: Կան պայքարի ոգի ունեցող, թաքթիք կիրարկող խումբեր, նոր եւ արդի ֆութպոլ կիրարկող խումբեր, որոնք ձեռք կը ձգեն պատուաբեր արդիւնքներ:

Կ՛արժէ յատուկ եւ կարճ ձեւով ներկայացնել կարգ մը խումբեր, որոնք իրապէս անակնկալի բերին հանդիսատեսները մինչեւ օրս:

Իսլանտա. կրցաւ ինքզինք պարտադրել աշխարհի ամէնէն լաւ մարզիկին եւ ընկերներուն` անոնց պարտադրելով հաւասարութիւն եւ գրաւելով խմբակին 2-րդ դիրքը, ուր ձեռք ձգեց յաջորդ հանգրուանի տոմս մը: Հունգարիա. շատեր կ՛ըսեն, թէ ներկայի Հունգարիան կը յիշեցնէ 1954-ի Փուշքաշի եւ անոր ընկերներու խումբը, որոնք կը կիրարկէին Total Football:

Խրուաթիա. թարմ են 1998-ի Տաւոր Սիւքերի եւ ընկերներուն տարիները, երբ աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին գրաւեցին 3-րդ դիրքը: Այսօր Խրուաթիա յաղթեց եւ գերազանցեց նախորդ 2 ախոյեանութիւններուն ախոյեանին` Սպանիոյ, եւ կը սպասուի, որ հասնի աւարտական հանգրուանին:

Վերջապէս, մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Ֆրանսան, մինչեւ օրս կը ցուցաբերէ կազմակերպուածութիւն եւ ապահովական միջոցառումներու անթերի ընթացք: Մեզի կը մնայ սպասել 10 յուլիս 2016-ը` գիտնալու համար նոր ախոյեանին անունը:

Նախորդը

Եուրօ-2016. Այսօր` Խրուաթիա – Փորթուգալ. Վաղը` Ֆրանսա – Իրլանտա

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.