Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոկլի Ճիւղի «Փարքուր Տէ Սավէօր» Ագարակի Այցելութիւն

June 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

mogli-(1)_61816

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը կազմակերպած էր դաստիարակչական ու հաճելի յայտագիր մը` յատուկ մոկլի ճիւղի «Փարքուր տէ Սավէօր» ագարակի այցելութիւնը, Քֆարշիմա, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 յունիս  2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-7:00:

Մոկլի ճիւղի ագարակի այցելութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտիի մասնաճիւղերու 75 մոկլիներ, մոկլի վոհմակներու խմբապետական կազմերը, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու կարգ մը մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդները:

Յայտագիրի ընթացքին մոկլիները բաժնուեցան խմբակներու եւ այցելեցին ագարակի զանազան բաժանմունքները` հաւնոցն ու ագարակը, բանջարանոցն ու անասուններու պարտէզը եւ ճաշարանը` իւրաքանչիւր բաժանմունքի մէջ կատարելով  գործնական աշխատանքներ:

Անոնք, խմբակներու հերթով, այցելեցին ագարակի հաւնոցը եւ ծանօթացան զանազան տեսակի հաւազգիներու (հաւերու, հնդկահաւերու, սիրամարգերու…), բադիկներու եւ սագերու: Անոնք նոյնիսկ մտան հաւնոց եւ պատասխանատուին ցուցմունքներով հաւերու բոյնէն հաւկիթները հաւաքեցին եւ զետեղեցին յատուկ սակառներու մէջ: Ապա մոկլիները ծանօթացան ագարակի` կովերուն, հորթուկներուն, ոչխարներուն, այծերուն ու ուլիկներուն, առիթ ունեցան կթելու կթան այծը: Ագարակի անասուններուն ծանօթանալով` անոնք տեղեկացան նապաստակներու, ձիերու մասին, ինչպէս նաեւ` ագարակի «թշնամի» անասուններէն` աղուէսին եւ շնագայլին մասին, որմէ ետք բոլորը առիթ ունեցան փոնի-ներուն վրայ նստելու ու պտտելու:

mogli-(2)_61816

Պարտէզին մէջ մոկլիները ծանօթացան ագարակին մէջ ցանուած տարբեր բանջարեղէններուն (ինչպէս` լոլիկ, վարունգ, ազատքեղ) զանազան պտուղներու (օրինակ` կիտրոնի, նարինջի եւ փոմելոյի, թթենիի): Այս փուլի աւարտին բոլոր մոկլիները սորվեցան ցանել ու հոգ տանիլ բոյսերու, իւրաքանչիւրը պատրաստեց իր թաղարը ու ցանեց իր արեւածաղիկը:

Անոնք նաեւ շրջեցան ագարակին անասուններու յատուկ պարտէզին մէջ եւ ծանօթացան տարբեր անասուններու, ինչպէս` եղնիկներու, ոզնիներու, կապիկներու զանազան թռչուններու, թութակներու եւ ձուկերու:

Վերջին բաժնով մոկլիները այցելեցին ագարակին ճաշարանը, համտեսեցին պարտէզէն քաղուած բանջարեղէնները (լոլիկն ու վարունգը), ագարակի արտադրութիւններէն պատրաստուած`  փոքր հացիկները (ծոթրինն ու քամած մածունը) ու խմեցին կիտրոնի եւ թութի օշարակները:

Այցելութեան աւարտին շատ ուրախ մոկլիները վերադարձան իրենց տուները` ոչ միայն հետերնին տանելով իրենց իսկ ցանած արեւածաղիկները, այլ նաեւ` նոր ամբարած գիտելիքներն ու նոր փորձառութիւնները:

 

Նախորդը

Գայլիկ Եւ Արծուիկ Ճիւղերու Բազմաբնոյթ Խաղեր

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Հարկեր Հաւաքե՞լ, Թէ՞ «Փլան» Կատարել (2)

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.