Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՕՂՈՍ Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

June 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2-KG-Graduation_61216

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 12 յունիս 2016-ին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներու յաջորդական ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանէն երկու աշակերտներ, որոնք բարի գալուստի խօսքերով ողջունեցին ներկաները եւ օրուան հանդէսը ձօնեցին իրենց թանկագին ծնողներուն:

1-KG-Graduation_61216

Բացուող վարագոյրին հետ բեմ բարձրացան Ծիլ դասարանցիները` միանալու Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանցիներէ կազմուած երգչախումբին` ներկայացնելու եռալեզու երգերու փունջ մը` «Լիբանանեան դրօշակին», «Քեզ համար, Հայաստա՛ն», «Ժառանգներն ենք Արցախի», «Գարնանային քայլերգ» եւ այլն:

Ապա խօսք առաւ մանկապարտիզպան Սոնիա Տէյիրմենճեանը, որ ներկայացուց անցնող տարուան աշխատանքները, անդրադարձաւ հայ դպրոցի դերին եւ յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն: Աւարտին, հրաւիրեց ներկաները փոքրիկներու ընկերակցութեամբ կատարելու շրջապտոյտ մը դէպի աշխարհի զանազան երկիրներ` ծանօթանալու անոնց կարգ մը սովորութիւններուն ու պարերուն:

Շրջապտոյտը սկսաւ Լիբանանէն: Ծաղիկ դասարանի աղջիկները կուժերով հրամցուցին լիբանանեան սիրուն պար մը, ապա տղոց հետ արտասանեցին «Մանուկին երազը» ոտանաւորը` արաբերէնով:

Ծիլ դասարանի փոքրիկները ելոյթ ունեցան պրազիլեան ուրախ պարով մը: Ճափոնի մէջ հետաքրքրական երեւոյթ է լուսաբացէն առաջ ձկնորսութիւնը եւ յատուկ ցպիկներով բրինձ ճաշակելը, որ վարպետութեամբ կատարեցին ծաղիկները: Բողբոջները հանդէս եկան ռուսական խանդավառ պարով մը եւ արտասանեցին «Նաւակ» եւ «Մանուկ մըն եմ» ոտանաւորները:

Եգիպտոսի մէջ Ծաղիկները պատկերեցին փարաւոնեան հին պատմութիւն մը: Կոկոնները ներկայացուցին յունական աշխուժ պար մը եւ արտասանեցին «Ամառ»` անգլերէնով եւ «Արձակուրդ»` հայերէնով: Ֆրանսական նորաձեւութեան փոքրիկ աստղերը (Բողբոջ, Կոկոն) իրենց ճկուն քալուածքներով ներկայացուցին փարիզեան զգեստներու վերջին նորոյթները: Ծաղիկները սպանական գեղեցիկ պարով ներկաները փոխադրեցին Սպանիա, ապա արտասանեցին «Խաղաղութիւն»` անգլերէն եւ «Հայրենիքի զաւակները»` հայերէն:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը, որ անդրադարձաւ Կարմիրեան վարժարանի սրբազան առաքելութեան, դրուատեց անցեալ տարուան 9-րդ դասարանի աշակերտներուն պետական քննութեան 100 տոկոս  յաջողութիւնը, թուեց դպրոցական զանազան ձեռնարկները` հրաւիրելով ծնողները միասնաբար գործելու,  որպէսզի աշակերտներուն մէջ առաւել զարգանայ վերլուծական եւ քննական կարողութիւնը:  Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր միջոցներով նեցուկ կը կանգնին վարժարանին:

Վկայականներու տուչութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական յանձնախումբի ատենապետ Լենա Իւրնէշլեանի, ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանի, Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանի ու մանկապարտիզպան Սոնիա Տէյիրմենճեանի: Վկայական ստացան` Անտոնեան Քէյթի, Պէօյիւքեան Դալար, Պօղոսեան Բարտի, Պիւլպիւլեան Փաթրիսիա, Տէօքմաճեան Վերոնիքա, Կարապետեան Կարպիս, Գարաօղլանեան Մեղրի, Գոճաւագեան Հրայր, Գունտաքճեան Սէրլի, Գոյունեան Սերենա, Փափազեան Սարգիս, Սաղըրեան Փերլա, Գասապեան Քրիս եւ Գասապեան Քրիսթել:

Շրջապտոյտը աւարտեցաւ Հայաստանի տեսարանով, ուր հայկական ճոխ երաժշտութեան առընթեր, Ծաղիկները որթատունկէն խաղող քաղեցին եւ գինի պատրաստեցին` գովելով մեր հայրենի հողին առատ բերքը: Հայկական պարին մասնակցեցան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները, որոնք ուխտեցին ամբողջ հոգիով սիրել Հայաստանը ու անոր կառչած մնալ:

 

Նախորդը

Երջանկութեան Երկիրն Է…

Յաջորդը

Գայլիկ Եւ Արծուիկ Ճիւղերու Բազմաբնոյթ Խաղեր

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.